ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».– 6-8 Մայիսէն ի վեր Հայաստանի արտաքին իրավիճակներու նախարարութեան «Սէյսմիկ պաշտպանութեան ծառայութեան» Գառնիի երկրաֆիզիքական դիտարանին մէջ ծառայութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Ալպըքըրքի երկրաշարժաբանական տարրալուծարանէն ժամանած մասնագէտները իրականացուցած են համատեղ աշխատանքներ՝ դիտարանին մէջ տեղակայուած «ԻՐԻՍ–Գառնի» երկրաշարժի կայանի աշխատանքը թեքնիքօրէն բարելաւելու ուղղութեամբ:
Ամերիկացի գործընկերները այցելութեան ծրագիրը կատարելէ ետք ծանօթացած են «Գառնի» գիտական կեդրոնին մէջ կատարուած վերակառուցման մեծածաւալ աշխատանքներուն, տարածքային եւ թեքնիք նոր կարելիութիւններուն՝ բարձր գնահատական տալով իրենց տեսածին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.