
Անցեալ Հինգշաբթի օր, այս սիւնակով անդրադարձանք այն հարցին, թէ ինչպէ՛ս իրարու շաղկապուած են համայնքի տեսլականները կիսող հանրային նկատառելի թիւով պաշտօնատարներու ընտրութիւնը եւ կլենտէյլաբնակ հայերուն համար կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու դրական լուծում ապահովելը:
Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի 2013ի ընտրութիւններուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղը իր զօրակցութիւնը յատնեց երեք թեկնածուներու, լեցնելու համար երեք թափուր աթոռներ: Յանձնախումբը այս մարտավարութեան դիմեց՝ ապահովելու համար լաւագոյն արդիւնքը այս թեկնածուներուն:
Թէեւ Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը ստացած երեք թեկնածուները խոստացած էին, որ պիտի դիմեն իրենց համակիրներուն, որպէսզի քուէարկեն յօգուտ բոլոր երեքին եւ ետ պիտի կանգնին միւս թեկնածուներուն ուղղուած ցեխարձակումներ կատարելէ՝ Շահէ Քէօրօղլեան դրժեց իր խոստումը եւ փորձեց ապակողմնորոշել ամերիկահայ քուէարկողները՝ զանոնք մղելով քուէարկելու միայն իր օգտին ու յայտարարելով, որ միւս երկուքը արդէն իսկ ապահոված են յաղթանակը:
Դժբախտաբար, Շահէ Քէօրօղլեանի խեղաթիւրումները շարունակուեցան Ապրիլ 2013ի ընտրութիւններէն ետք եւս: Քուէարկողները ապակողմնորոշելու իր ջանքերը, իր հիմնազուրկ արտայայտութիւնները, ինչպէս եւ իր սպառնական ու վիրաւորական ոճի վերաբերմունքը՝ հանդէպ իրեն տարակարծիք անհատներու, պատճառ դարձան, որ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը ետ կանգնի անոր ընտրապայքարին զօրակցելէ:
Անցեալ տասը ամիսներուն, իր ընտրութիւնը յաջողցնելու Շահէ Քէօրօղլեանի մտասեւեռումը առաւել շեշտակի դարձած է: Ան փոխանակ իր նախորդ վեց պարտութիւններուն պատճառ դարձած սեփական սխալներէն դաս քաղելու, շարունակած է ուրիշները մեղադրելու իր վարքագիծը:
Փոխանակ Կլենտէյլի բնակչութիւնը շահագրգռող հարցերուն շուրջ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ այլոց հետ համագործակցելու, Շահէ Քէօրօղլեան իր եռանդն ու նիւթական հնարաւորութիւնները առանձնապէս կեդրոնացուց 2014ի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը ջատագովելու նպատակին վրայ:
Երբ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը անցեալ աշնան իր օրակարգին վրայ կը քննէր քաղաքի բնակչութեան համար կարեւորագոյն հարցեր, Շահէ Քէօրօղլեան հեռատեսիլային իր ելոյթով անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէր քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տէյվ Ուիվըրին՝ անոր յատկացնելով թանկագին վայրկեաններ իր կայանին վրայ, պարզապէս անհիմն վերագրումներ կատարելու համար մէկ այլ հայ թեկնածուի հանդէպ, փոխանակ յորդորելու Ուիվըրը եւ միւս պաշտօնատարները, որ դէմ քուէարկեն ելեկտրականութեան սակերու յաւելման, իսկ կողմ՝ մատչելի բնակարաններու կառուցման:
Ցեխարձակումի իր քարոզչական մարտավարութիւնը Քէօրօղլեան հասցուցած է այնպիսի ցած մակարդակի, որ կը նսեմացնէ եւ նոյնիսկ կը մերժէ Սաքրամենթոյի, Ուաշինկթընի, Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն կամ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու հայկական կազմակերպութիւններուն տարած՝ հայութեան շահերը պաշտպանող աշխատանքներուն փաստը:
Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան բերած նպաստները մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ ամերիկահայութեան՝ մասնաւորապէս, ակնյայտ է բոլորին: Թէ՛ դաշնակցային, թէ՛ նահանգային եւ թէ քաղաքային մակարդակներու վրայ, մեր կազմակերպութեան անդամներերը տակաւին վերջերս ժողովրդային ալիք բարձրացուցին ընդդէմ Թուրքիոյ դերակատարութեան՝ Քեսապի հայութեան տեղահանութեան գործին մէջ:
Շահէ Քէօրօղլեանի անհիմն վերագրումները չեն նպաստեր Հայ Դատին: Ընդհակառակը, անոր թերագնահատումը դիւանագիտական գետնի վրայ արձանագրուած իրագործումներուն կը ծառայեն միայն Պաքուի ու Անգարայի քարոզչութեան:
Քէօրօղլեանի պնդումները, որ քուէարկողները խաբուած են ու սխալ թեկնածուներու օգտին քուէարկած, պարզապէս վիրաւորանք է նոյն այդ քուէարկողներուն հանդէպ: Քէօրօղլեան թերեւս նման հաստատումներ կը կատարէ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ կարելի է խաբել քուէարկողները, որպէսզի քուէարկեն ի վնաս իրենց շահերուն: Եթէ ինք կը հաւատայ հեռատեսիլէն իր արտասանած խօսքերուն, ապա կը նշանակէ, որ ան ամբողջութեամբ խզուած է այս համայնքէն, զոր ներկայացնելու պատիւին կ՛ուզէ արժանանալ:
Կլենտէյլի հայ քուէարկողներու մեծագոյն մասը ապացուցած է, որ խոհուն կերպով կը կատարէ իր ընտրութիւնը եւ չի խաբուիր կեղծ մարգարէներու խօսքերով:
Կլենտէյլի հայ քուէարկողները կ՛ուզեն ընտրել ներկայացուցիչ մը, որ պիտի աշխատի հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ ոչ հայ անհատներու հետ, շարունակելու համար դրական յառաջընթացը Կլենտէյլը դարձնելու ապահով քաղաք մը՝ վայր մը, ուր հաւասար հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռուին բոլորին եւ ուր մատչելի բնակարաններ կարելի է ապահովել կարիքաւոր խաւին: