ԼԱ ՔՐԵՍՆԹԱ.- Եր-եքշաբթի, Ապրիլ 29ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Habitat for Humanity կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Սեդա Արզումանեանի։ Ան Հայաստանէն ժամանած էր՝ Սփիւռքի գաղութներէն ներս նոյն կազմակերպութեան առաքելութիւնը մօտէն ծանօթացնելու նպատակով։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան անդամ տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։
Յարգելի հիւրը ներկայացուց կազմակերպութեան նորագոյն ծրագիրը, որն է Տաւուշի շրջանի վերականգնումի եւ բնակիչներու կենսամակարդակի բարելաւման աշխատանքը։ Սրբազանը գնահատեց կազմակերպութեան առաքելութիւնն ու անդամներուն ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ գաղութը իր աջակցութիւնը ցուցաբերէ այս կարեւոր աշխատանքին։ Habitat for Humanity-ն քրիստոնէական ոչ-հասութաբեր միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է մատչելի պայմաններով բնակարաններ տրամադրել կարիքաւոր ընտանիքներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.