ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մասնաւոր հատուածի զարգացման նպատակով Միացեալ Նահանգներ յաւելեալ 600 հազար տոլարի յատկացում պիտի կատարէ: Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան միջեւ համապատասխան համաձայնագիրի նախագիծը Ապրիլ 30ի կառավարութեան նիստին արժանացած է համաձայնութեան։
Այսպիսով, 2010ի Յունիսին Հայաստանի կառավարութեան եւ USAID-ի միջեւ կնքուած «Հայաստանում առաւել մրցունակ եւ դիւերսիֆիկացուած մասնաւոր սեկտորի աջակցման մասին» համաձայնագիրի ծիրին մէջ տրամադրուած ֆինանսական յատկացումներու ընդհանուր ծաւալը պիտի հասնի շուրջ 44 միլիոն տոլարի: Համաձայնագիրով նախատեսուած է մինչեւ 50 միլիոնի աջակցութիւն տրամադրել բարձր յաւելեալ արժէք ունեցող շարք մը ոլորտներու, ինչպէս նաեւ հասարակական ենթակառոյցներու կառավարման հարցով օժանդակել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.