ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետարանի կանաչապատման 2014ի ծրագիրի ծիրին մէջ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ կը շարունակուին ծաղկապատման աշխատանքները:
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ վաղ գարունէն ծաղկած շուրջ 600 հազար բազմերանգ կակաչներու ծաղկման շրջանը աւարտած է, եւ արդէն մարգագետիններ կը տեղափոխուին Հոլանտայէն ներածուած շուրջ 1 միլիոն 200 հազար եւ Երեւանի քաղաքային ջերմատան մէջ աճեցուող 1 միլիոն ծիլերը: Բացի ատկէ, երեւանեան կանաչ տարածքները պիտի զարդարեն նաեւ շուրջ 40 հազար վարդ ու 150 հազար բաղրջուկ: Ընդհանուր առմամբ, այս տարի Երեւանի մէջ պիտի ծաղկի շուրջ 2 միլիոն 400 հազար ծաղիկ: Այս բոլորին լոյսին տակ 2014ին մայրաքաղաքի ծաղկային մակերեսը նախկին 6.7 հեկտարի փոխարէն պիտի ըլլայ 7.5 հեկտար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.