
ԵՐԵՒԱՆ.– Ստեփանակերտի մէջ աշխուժութիւն կայ։ Կուպրապատման, պուրակներու բարեկարգման, մաքրութեան աշխատանքներուն զուգահեռ, Ստեփանակերտը օրէ օր տօնական շունչ կը ստանայ: Կ՛աւարտի քաղաքի առողջապահական մաքրութեան ու բարեկարգման աշխատանքներու միամսեակը:
Գծանշման աշխատանքները մեկնարկած են քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն: Այժմ ցուցապաստառներու ու դրօշներու տեղադրման աշխատանքներ կը տարուին: Ստեփանակերտի փոխքաղաքապետ Արմէն Յակոբեանը լուսարձակի տակ առած է յատկապէս տօնակատարութիւններու կազմակերպչական մասը:
«Այս տարի եւս կ՛իրականացնենք համադպրոցական միջոցառումներ: Արդէն յայտարարուած է «Յաղթանակների Մայիս» խորագրով շարադրութիւնների մրցոյթ: Բացի այդ, կը կազմակերպենք հայրենական մեծ պատերազմի վետերանների եւ արցախեան գոյամարտի ազատամարտիկների հանդիպումներ դպ-րոցներում: Ստեփանակերտը տօնական տրամադրութեան պակաս չի զգայ», հաստատած է Արմէն Յակոբեան:
Եռատօնը պիտի նշուի նաեւ հերթական բնակարանամուտով: Թումանեան փողոցին վրայ նոր համակարգով կառուցուած ժամանակակից բազմաբնակարանին մէջ այժմ մաքրութեան ու նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին: Ստեփանակերտ այս տարի եւ պիտի հիւրընկալէ հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներ եւ հիւրեր: Յաղթանակի բերկրանքը պիտի փոխանցուի բոլորին՝ անոնց, որոնք կերտած են եռատօնը, եւ որոնք կը պատրաստուին նոր յաղթանակներու: