ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ֆանսիս պապը Կիրակի, Ապրիլ 27ին Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապերը սուրբ հռչակեց, հարիւր հազարաւոր ներկաներու դիմաց տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին: Պատմութեան մէջ ասիկա առաջին անգամն է, որ Վատիկան միաժամանակ երկու պապեր կը սրբադասէ: Արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 100 երկիրներէ պաշտօնական պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ հրաժարեալ Պենետիքթ ԺԶ. պապը: Ըստ Վատիկանի՝ 800,000 ուխտաւորներ Հռոմ ժամանած էին, ներկայ գտնուելու համար սոյն արարողութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.