ՀՈԼԱՆՏԱ
Հոլանտայի Ալմելօ հայաշատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակը ոգեկոչող ձեռնարկը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը անմահացնող յուշակոթողին:
Ձեռնարկը համակազմակերպուած էր Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ:
Ներկայ էին շուրջ 2500 հայրենակիցներ Հոլանտայէն եւ շրջակայ երկիրներէն, Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան, որ ընթերցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի պատգամը, ներկայ էր նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ներկայացուցիչը, որ ընթերցեց քաղաքապետին պատգամը, իսկ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան փոխանցեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութիւնը: Ներկայ էին նաեւ Հոլանտայի խորհրդարանի երեսփոխաններ:
ԼԻԲԱՆԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին կազմակերպութեամբ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ լիբանանահայութիւնը իրեն տրամադրուած մոմերով քալեց դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ՝ ամբողջ ճամբուն ընթացքին անցորդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով այս նախաձեռնութեան վրայ, այսպիսով նաեւ լիբանանցիները վերյիշեցնելով, որ թուրքը ոճրագործ է, որ հայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դարձեալ երեկոյեան ժամը 7ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդական, մշակութային, մարզական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Հսկումին ընթացքին երիտասարդները կրցան համախմբել համայն լիբանանահայութիւնը, որ անգամ մը եւս անսաց իրեն ուղղուած կոչին եւ առանց տարիքի խտրութեան՝ ծերունիներէն մինչեւ իրենց ծնողներուն գիրկը եղող մանուկները, քալեց միակամ ու խորհրդաւոր կերպով:
Տասնեակ հազարաւոր հայորդիներով ողողուած Նահատակաց հրապարակին վրայ երեկոյեան ժամը 9ին տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ՝ ներկայութեամբ լիբանանեան պետական-քաղաքական, կուսակցական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ օրը:
Յունահայութիւնը միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակը, իր երիտասարդ սերունդի պահանջատիրական կեցուածքով՝ յարմար պատասխանը տալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ հնչած մշուշոտ յայտարարութեան, որ շատ հեռու էր իրական զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը իր կարգին, յայտարարութիւն մը յղեց հելլէն մամուլին:
Տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, Նէա Զմիռնիի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին մօտ հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք:
Ցուցարարները ճամբայ ելան Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակէն, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան տեղադրած նկարներու ցուցադրութեան տաղաւարին առջեւէն:
Ցուցարարները լոզունգներ կրկնելով անցան հելլէն խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկ, պահ մը կանգ առնելով Ատրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ «Ղարաբաղը մերն է» լօզունգը վանկարկեցին:
Թրքական դեսպանութիւն առաջնորդող ճամբան արգելափակուած էր զրահապատ ոստիկանական ինքնաշարժներով, պարզելով նոյն վիճակը, զոր կը դիմագրաւէ յունահայ գաղութը վերջին տարիներուն ընթացքին: Ցուցարարները կանգ առին խաչմերուկին վրայ եւ մոմերով կազմեցին 1,500,000 թիւը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
ՔԱՆԱՏԱ
Հակառակ թրքական հակացոյցին, 2000 հայորդիներ պահանջատիրութեան ձայն բարձրացուցին Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց:
Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կը կրէր տարբեր բնոյթ: Արդարեւ, Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ հայ համայնքը կը կատարէ իր Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամէնամեայ աւանդական արարողութիւնը:
Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:
Օրուան հանդիսավար Նորա Արուշեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա, ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա մեծ դերակատարութիւն ունէր մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն:
Առաջնորդին, Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպանին եւ քանատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան մասին արտայայտած խօսքերէն ետք Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կատարած յայտարարութեան, յայտնելով, որ թուրք ղեկավարին կատարածը ուրացման քօղարկուած մէկ տարբերակն է, որ կը միտի շփոթի մատնել միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական շրջանակները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱ
Հարաւային Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան բազմահազար հայորդիներու բողոքի ցոյցեր եւ 99ամեակի նշումներ:
Պուենոս Այրես
Պրազիլ
