
Արեւմտեան Հոլիվուտի քաղաքապետական խորհուրդը Ապրիլ 7ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող եւ այդ նպատակին հասնելու համար ամերիկահայութեան ջանքերը դրուատող բանաձեւ մը՝ Ապրիլ 24ը հռչակելով «Յիշատակի օր»: Այդ օրը, յաջորդական 8րդ տարին ըլլալով, քաղաքի դրօշակները միայն կիսով պիտի բարձրացուին:
Բանաձեւի վաւերացման մէջ կարեւոր աշխատանք տարած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեֆրի Փրենկ: Բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած է նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճան Տիւրեն: Բանաձեւէն օրինակ մը յանձնուած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ դեմոկրատներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տարօն Սերոբեանին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Տէյվիտ Ճորճ Գէորգեանին եւ պատմաբան Գէորգ Նազարեանին: