
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացրած 7 կէտից բաղկացած ծրագրում կան կէտեր, որոնք մեզ համար ընդունելի են եւ համագործակցութեան եզրեր տեսնում ենք»: «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ, Ազգային ժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Էդուարդ Շարմազամովը:
Ան նշած է, որ ՀՀԿն կողմ է եւ իրենք առաջարկած են Դաշնակցութեան ու «Բարգաւաճ Հայաստան»ին, որ համագործակցին նոր կառավարութեան հետ, «անդամագրման, ամբողջական կամ մասնակի պատասխանատուութիւն վերցնելու տեսքով»։
«Մենք դրական ենք վերաբերում, որ ՀՅԴ ն ունի յստակ կառուցողական մօտեցում, մինչեւ 20օրեայ ժամկէտի աւարտը թէ մենք, թէ մեր գործընկերները ժամանակ ունենք, ամէն ինչ կը քննարկենք եւ կը յայտնենք դիրքորոշում: Մենք չենք գնում կուսակցամոլութեան ճանապարհով, մենք համագործակցութեան կողմնակից ենք եւ մեր գործընկերների առջեւ ոչ միայն դռներ չենք փակում, այլեւ պատրաստ ենք համադրելու մեր ծրագրերը, նաեւ ապագայում միասին իրականացնելու նոր ծրագրեր եւ բարեփոխումներ», դիտել տուած է Էդուարդ Շարմազանով:
Ան նաեւ շեշտած է, որ այսօր աւելի քան երբեք Հայաստանի հասարակութեան անհրաժեշտ են ոչ թէ գեղեցիկ խօսքեր, երկուստեք քննադատութիւն, այլ օր առաջ խնդիրներու լուծում: Էդուարդ Շարմազանովի համաձայն՝ իրենք չեն մերժեր բոլոր կառուցողական ուժերը, պայմաններ չեն դներ եւ պատրաստ են համագործակցութեան՝ աւելցնելով, որ ատոր համար եզրերուն առկայութիւնը կը տեսնեն: Իսկ թէ համագործակցութիւնը ինչ ձեւաչափով պիտի ըլլայ, ատիկա միայն ՀՀԿէն կախեալ չէ, այլ նաեւ միւս ուժերէն։ «ՀՀԿն կառուցողական է տրամադրուած, համադրելով ծրագրերը՝ կարող ենք լուծել մեր հասարակութեան առջեւ ծառացած խնդիրները», շեշտած է Էդուարդ Շարմազանով:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած էր, որ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը դեռ չէ արձագանգած, թէ համաձա՞յն է 10 Ապրիլին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցած եօթը կէտէ բաղկացած ծրագիրին, թէ ոչ: