
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրօն որոշում կայացուցած է ընթացք տալու Ատրպէյճանի իշխանութեանց առաջադրած եւ Լեռնային Ղարաբաղի Սարսանգի ջրամբարին հետ կապուած նախաձեռնութեան: Բիւրոյին մէջ վաւերացուած է բանաձեւի նախաձեռնութիւնը եւ նշանակուած է զեկուցողը, որ պիտի պատրաստէ համապատասխան զեկոյց՝ Սարսանգի ջրամբարին վերաբերեալ: Զեկոյցը, հաւանաբար, քննուի ԵԽԽՎի յաջորդ նստաշրջանին:
Ապրիլ 7ին, Սթրազպուրկի մէջ սկսած ժողովին, ատրպէյճանցի պատգամաւորները հանդէս եկած են նախաձեռնութեամբ մը, որ կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի Սարսանգի ջրամբարին հետ: Անոնք նշած են, թէ Ատրպէյճանի սահմանամերձ գօտիներուն վրայ ապրողները միտումնաւոր կերպով զրկուած են ջուրէն: Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ատրպէյճանցիները միջազգային կազմակերպութեանց կամ ատեաններու մէջ կը բարձրացնեն Սարսանգի ջրամբարի հարցը: 2013ի ԵԽԽՎի աշնանային նստաշրջանին եւս բարձրացուած էր այս հարցը, սակայն բիւրօն, որ իրաւունք ունի առաջարկուող նախաձեռնութիւններուն ընթացք տալու, կասեցնելու կամ ընդունելու իբրեւ «ի գիտութիւն», այդ ժամանակ Ատրպէյճանի բանաձեւի նախաձեռնութիւնը ընդունած էր իբրեւ «ի գիտութիւն»:
Այս անգամ, երբ բաւական թէժ էին քննարկումները՝ Խրիմի հանրաքուէին ռուս պատուիրակներու քուէարկութեան իրաւունքի հարցերուն հետ կապուած, ԵԽԽՎի մօտ ՀՀ պատուիրակութեան դիրքորոշումները չէին համապատասխանած ԵԽԽՎի մեծամասնութեան կարծիքին, որովհետեւ հոն միանշանակօրէն կը պաշտպանուէր տարածքային ամբողջականութիւնն ու կը քննադատուէր Խրիմի հարցով Ռուսիոյ միջամտութիւնը: