
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Բազմաթիւ համեմատութիւններ կատարուած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզումին միջեւ: Սակայն կայ այլ համեմատութիւն մը, որ հազուադէպօրէն կը կատարուի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործելու Թուրքիոյ կարողութեան եւ նոյն ժամանակաշրջանին՝ Պաղեստին գաղթած հրեաները ջարդելու անոր անկարողութեան միջեւ: Նման համեմատութիւն չէ եղած, քանի որ համարեա ոչ ոք ուսումնասիրած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հրեաներու բռնի տեղահանութեան թրքական ծրագիրներուն առնչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան:
Նախնական վերլուծումս հիմնուած է Եայիր Աուրոնի «Սիոնականութիւնը Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Անտարբերութեան Գռեհկութիւնը» գիրքին, Վարդգէս Եղիայեանի «Ի Շահ Հայաստանի» աշխատութեան եւ արխիւային այլ նիւթերու եւ տեղեկութիւններու վրայ: Պիտի ուզէի մանրամասնել հրեաներու բռնի տեղահանութեան հանգամանքները, եւ թէ անոնք ինչպէ՛ս փրկուեցան, մինչդեռ հայերը՝ ոչ: Աւելի կարեւոր է, որ հրէական սփիւռքն ու Պաղեստին ներգաղթողները ինչպիսի՞ քայլերու ձեռնարկեցին՝ հայերու ողբերգական ճակատագիրին չարժանանալու համար:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը եւ հրեաները, իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւններ, եղած են քաւութեան յարմար նոխազներ՝ դաժան թուրք ղեկավարներու քմահաճոյքներուն համար: Հետաքրքրական է, որ հայերու եւ հրեաներու բռնի տեղահանութեան համար երիտթուրքերը օգտագործած են միեւնոյն պատճառաբանութիւնները: Թուրքերը մեղադրած են հայերը յառաջխաղացք կատարող ռուսական բանակին հետ համագործակցելու համար, եւ նոյնպիսի մեղադրանք ներկայացուցած են հրեաներուն՝ օսմանեան Պաղեստին ներխուժած բրիտանական զինուած ուժերու հետ համագործակցելու համար: Բացի ատկէ, հրեաները մեղադրուած են Պաղեստինի մէջ իրենց սեփական հայրենիքը հիմնելու ծրագիրներուն համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայերը Արեւելեան Թուրքիոյ մէջ՝ իբր թէ իրենցը հիմնելու համար: Կայ նաեւ այլ զուգահեռ մը. երիտթուրքերու «եռեակ»ի ղեկավար անդամներէն մէկը՝ Ճեմալ փաշան, շնականօրէն նկատել տուած էր, որ ինք «հրեաները կ՛արտաքսէ իրենց իսկ շահերէն մեկնելով», ինչպէս հայերը բռնի տեղահանած էին «պատերազմի գօտիէն հեռու»՝ իրենց իսկ անվտանգութեան համար…
1914ին, երբ Թուրքիան Առաջին Համաշխարհային պատերազմի մէջ մտաւ Գերմանիոյ կողքին՝ ընդդէմ Դաշնակից պետութիւններուն (Անգլիա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա), Պաղեստինը վերածուեցաւ պատերազմի թատերաբեմի: Թրքական իշխանութիւնները սկսան զինուորական հարկ գանձել բնակչութենէն, ինչ որ առաւել ծանրութեամբ ինկաւ հրեայ բնակիչներու ուսերուն: Անոնց կալուածներն ու ունեցուածքը բռնագրաւուեցան թրքական բանակին կողմէ: Հրեայ բնակիչներէն ոմանք իբրեւ ստրուկ աշխատուժ օգտագործուեցան ճամբաներու եւ երկաթուղիներու շինարարութեան մէջ: Ալեքս Ահարոնսըն՝ Զիխրոն Եակովի մէջ հրեայ ներգաղթող մը, իր օրագիրին մէջ գրած էր. «Հրամանը վերջերս եկած էր թրքական իշխանութիւններէն՝ պահանջելով իրենց յանձնել իրենց տրամադրութեան տակ եղած հրազէնային գոյքերը կամ այլ զէնքերը: Ասիկա չարագուշակ հրաման մըն էր, քանզի գիտէինք, որ նման քայլեր ձեռնարկուած էին հայկական սարսափելի կոտորածներէն առաջ, եւ մենք զգացինք, որ նման արհաւիրք կրնայ նախապատրաստուիլ նաեւ մեր ժողովուրդին դէմ», ինչպէս մէջբերուած է Եղիայեանի «Ի Շահ Հայաստանի» աշխատութեան մէջ:
1914 թուականի աշնան թրքական վարչակարգը տեղահանման հրաման արձակեց բոլոր «թշնամի հպատակներուն», ինչպէս՝ 50 հազար ռուս հրեաներու համար, որոնք փախուստ տուած էին ցարական հալածանքներէն եւ հաստատուած Պաղեստինի մէջ: Գերմանիոյ դեսպան Հանս Վանկենհայմի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի բազմաթիւ միջամտութիւններէն ետք այս «թշնամի հպատակներ»ուն թոյլատրուեցաւ մնալ Պաղեստինի մէջ, պայմանաւ որ անոնք համաձայնին ձեռք բերել օսմանեան քաղաքացիութիւն:
Այնուամենայնիւ, 1914 Դեկտեմբեր 17ին, Ճեմալ փաշայի ենթակայ, Եաֆայի նահանգապետ Պահաէտտին տեղահանման հրամանը գործադրեց՝ արտաքսելով 500 հրեաներ, որոնց կը ձերբակալէին փողոցներուն մէջ, կը քաշքշէին ոստիկանական բաժիններ, իսկ այնտեղէն ալ ստիպողաբար կը նստեցնէին նաւահանգիստի մէջ կանգնած նաւերը: Խանութներու վրայէն հեռացուեցան եբրայերէնով գրուած ցուցանակները, եւ փակուեցաւ Եաֆայի հրէական դպրոցը: Սիոնական կազմակերպութիւնները լուծարուեցան, եւ 1915 թուականի Յունուար 25ին թրքական իշխանութիւնները հանդէս եկան յայտարարութեամբ՝ ընդդէմ «սիոնականութեան անուամբ ճանչցուած վտանգաւոր տարրերու, որոնք կը պայքարին օսմանեան կայսրութեան պաղեստինեան տարածքին մէջ հրէական կառավարութիւն ստեղծելու համար…»:
Ի պատասխան դեսպան Մորկընթաուի եւ Գերմանիոյ կառավարութեան բողոքներոն՝ Պոլիս չեղեալ համարեց տեղահանութեան վերաբերեալ հրամանը, եւ Պահաէտտին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն: Ըստ փրոֆ. Աուրոնի, հրեայ բնակիչներուն վիճակը կրնար շատ աւելի ծանր ըլլալ, եթէ չըլլար «հրէական աշխարհի ազդեցութիւնը թրքական քաղաքականութեան վրայ: Ամերիկեան, գերմանական եւ աւստրիական հրէական համայնքները յաջողեցան զսպել անոր առաւել դաժան դրսեւորումները: Հրամանագիրները մեղմացուեցան. մոլեռանդ թուրք հրամանատարները փոխարինուեցան, եւ աղէտալի ժամանակներուն յաջորդեցին հանգիստ ժամանակաշրջանները»:
Տակաւին 1913 թուականին, նախագահ Ուիլսըն դեսպան Մորկընթաուը նշանակելու ընթացքին անոր յանձնարարած էր. «Յիշեցէ՛ք, ամէն ինչ, որ կրնաք ընել ձեր դաւանակիցներուն ճակատագիրը բարելաւելու համար, գործողութիւն մըն է, որ պիտի բարձրացնէ Ամերիկայի վարկը, եւ դուք կրնաք ապաւինիլ վարչակազմի ամբողջական աջակցութեան». Մորկընթաու հաւատարմօրէն հետեւեցաւ այս խորհուրդին»՝ ըստ Այզեա Ֆրիտմանի «Գերմանիա, Թուրքիա Եւ Սիոնականութիւն. 1897-1918թթ.» գիրքին: Ամերիկայի հրեաներէն դէպի Եաֆա խիստ անհրաժեշտ գումարներ տեղափոխելու աշխատանքները կազմակերպելէ ետք, Մորկենթաու գրեց Պաղեստինի զարգացման ընկերութեան տնօրէն Արթուր Ռուփփենին. «Զիս ընտրած էին իբրեւ գործիք իմ դաւանակիցները պաշտպանութեան տակ առնելու համար…»:
1917 թուականի գարնան թրքական իշխանութիւնները երկրորդ հրամանը արձակեցին Թել Աւիւէն հինգ հազար հրեաներ տեղահանելու վերաբերեալ: Պաղեստինի մէջ «Նիլ»ի խումբի՝ հրէական ընդյատակեայ փոքր կազմակերպութեան ղեկավար եւ բրիտանական հետախուզութեան համար աշխատող Ահարոն Ահարոնսըն, տեղահանութեան մասին անմիջապէս ահազանգեց միջազգային լրատուամիջոցներուն: Եգիպտոսի մէջ Ահարոնսըն գաղտնի հանդիպում ունեցաւ բրիտանացի դիւանագէտ Մարք Սայքսի հետ եւ անոր միջոցով շտապ հաղորդագրութիւն ուղարկեց Լոնտոն, 1917 Ապրիլ 28ին. «Թել Աւիւը թալանուած է: Ներկայիս Պաղեստինի մէջ տասը հազար հրեաներ անտուն են ու անօթի: Ամբողջ Եիշուվին (հրէական բնակավայրերը Պաղեստինի մէջ) ոչնչացում կը սպառնայ: Ճեմալը (փաշա) հրապարակաւ յայտարարած է, որ հայերու դէմ վարած քաղաքականութիւնը այժմ պիտի կիրարկուի հրեաներու դէմ»:
Պաղեստինէն Ահարոնսընի զեկոյցները ստանալէ ետք, Լոնտոնի մէջ գլխաւոր սիոնական Խայիմ Վէյցմանը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը փոխանցեց եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու սիոնական առաջնորդներուն. «Ճեմալ փաշան բացայայտօրէն յայտարարած է, որ բրիտանական զօրքերու մօտենալուն առիթով հրեաներու ուրախութիւնը կարճատեւ պիտի ըլլայ, քանզի անոնք եւս պիտի արժանանան հայերու ճակատագիրին… Ճեմալ փաշան շատ խորամանկ է սառնասրտօրէն ջարդեր կազմակերպելու համար: Անոր մեթոտն է բնակչութիւնը քշել մահուան՝ սովի, ծարաւի եւ համաճարակներու միջոցով…»:
Ամերիկայի հրեաները խիստ վրդովուած էին՝ լսելով Պաղեստինի մէջ հրեաներու բռնի տեղահանութիւններուն մասին: «Հրեաներու ոչնչացման թրքական մտադրութիւններու» վերաբերեալ նոր զեկոյցներ հրապարակուեցան ողջ Արեւմուտքի երկիրներուն մէջ՝ ըստ փրոֆ. Աուրոնի: Բացի ատկէ, ազդեցիկ հրեայ գործարարները Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան մէջ պահանջեցին, որ իրենց կառավարութիւնները ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ ղեկավարներուն վրայ՝ հրաժարելու հրեաները տեղահանելու իրենց ծրագիրներէն: Վերջապէս, Ճեմալ փաշան ստիպուած եղաւ չեղեալ նկատել տեղահանման հրամանը եւ Թել Աւիւի մէջ մթերք ու բժշկական օգնութիւն տրամադրեց հրեայ աքսորեալներուն:
(Շարունակելի)
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը