
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ուրբաթ, Ապրիլ 4ին ներկայ գտնուած է ռազմական օդանաւորդութեան մասնակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մարտական հրաձգութեան գնդային մարտավարական զօրավարժութիւններուն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն՝ երկրի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը կարեւոր նկատած է պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան բարձր մակարդակի պահպանումը՝ ընդգծելով, որ պետութիւնը այսուհետեւ ալ ամէն ինչ պիտի ընէ այս ուղղութեամբ:
Զօրավարժութիւններուն ներկայ եղած են Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ Սէյրան Օհանեան եւ Մովսէս Յակոբեան, Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ այլ պաշտօնատարներ: