ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Գործադիր վարչութիւնը 14,545 տոլար փոխանցած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ հիմնադրամի կայքը։
Գումարը պիտի բաժնուի տեղահանուած հայ ընտանիքներուն, որոնք իրենց հիմնական կարիքներէն բացի, ֆիզիքական անվտանգութեան հարցերու դէմ յանդիման են։
«Կատարուող նուիրատուութիւնները ոչ միայն կ՛օգնեն մեր հայրենակիցներին դիմակայել ներկայիս մարտահրաւէրներին, այլեւ պահպանել իրենց ոգին», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղղել «Արդշինինվեստբանկ»ին մէջ բացուած հետեւեալ հաշիւներուն՝2470100030900000 (AMD), 2470100030900001 (USD), SWIFT: ASHBAM22:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.