ԳԻՒՄՐԻ.– Ապրիլ 2ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ խաղաղ երթ՝ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ Քեսապ համայնքին:
Աշակերտներուն նախաձեռնութեամբ կայացած երթը ընթացք առաւ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն եւ աւարտեցաւ Խաչքարերու պուրակին մէջ: Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն: Այդ ընթացքին Մանկավարժական քոլեճի ուսանողները Թատերական հրապարակին վրայ դրամահաւաք կայացուցին: Օրուան նախաձեռնութիւնները եզրափակուած են Ս. Աստուածածին Եօթը Վէրք եկեղեցւոյ մէջ՝ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի առաջնորդութեամբ՝ քեսապահայութեան նուիրուած ընդհանրական աղօթքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.