ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ««Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը պայքարը շարունակելու է՝ կիրառելով քաղաքական անհնազանդութեան ամբողջ զինանոցը», 3 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է «Դէմ եմ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամ Յարութիւն Աղլամազեան՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ պիտի ընեն յառաջիկային։
Նախաձեռնութեան միւս անդամ Վահագն Աւագեան աւելցուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ըլլայ օրէնքի ծիրին մէջ: Քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակէ համագործակցիլ խորհրդարանական չորս ոչ իշխանական ուժերուն հետ:
«Մենք պատրաստ ենք համագործակցել բոլոր այն ուժերի հետ, ովքեր մեզ հետ դէմ են հակասոցիալական այս օրէնքի դէմ: Ինչ վերաբերւում է վարչապետի հրաւիրած երկխօսութեանը, ապա մենք պատրաստ ենք երկխօսութեանը, եթէ բաւարարուի մեր պահանջը, եթէ մեր պահանջը բաւարարուի, մենք կը գնանք երկխօսութեան», դիտել տուած է Աղլամազեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.