ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Քեսաբահայերի խնիդրը կառավարութեան ուշադրութեան կենտրոնում է», 27 Մարտին գումարուած կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը նոյնպէս քայլերու կը ձեռնարկէ մեր հայրենակիցներուն հոգերը թեթեւցնելու համար: Վարչապետը անդրադարձած է մամուլին մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն, սուրիահայութեան հարցը կառավարութեան ուշադրութեան առարկայ չէ: «Ես ուզում եմ մեր քաղաքցիներին տեղեկացնել, որ դա ամենեւին այդպէս չէ, մեր ուշադրութեան կենտրոնում է այս հարցը»:
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վարչապետի հարցումին ի պատասխան յայտարարած է, որ պատգամաւորներէ կազմուած խումբը Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունենալէ ետք Շաբաթ օր պիտի վերադառնայ Հայաստան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.