
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան հարցերով նախարար Էլտար Մահմուտով Հինգշաբթի, Մարտ 27ին դրուատած է իր ղեկավարած գերատեսչութեան գործունէութիւնը՝ ըսելով, թէ անիկա յաջողած է դէմ դնել ահաբեկչական գործողութիւններու եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան:
Մահմուտով ընդգծած է, որ նախարարութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններէն է՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի կարգաւորումը եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը:
«Նախարարութիւնը յաջողութեամբ կը պայքարի հայկական ահաբեկչութեան դէմ ու երկար տարիներու ընթացքին կանխած է հայկական ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ մեր երկրին մէջ ահաբեկչութիւն կազմակերպելու եւ հասարակական ու քաղաքական իրավիճակը ապակայունացնելու փորձերը», յայտարարած է Մահմուտով: