
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մարտ 26ի յետմիջօրէին վերսկսած Թրիփոլիի զինեալ բախումները, Հինգշաբթի օր զգալիօրէն կարելի եղած է զսպել՝ բանակին միջամտութեան շնորհիւ, սակայն խումբ մը զինեալներ կրակ բացած են բանակային դիրքի մը վրայ՝ սպաննելով սպայ մը:
Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքի Ժապալ Մըհսեն ու Պապ Թըպպանէ շրջաններուն միջեւ սկսած կրակոցները երեկոյեան վերածուեցան փոքր ռումբերով բախումներու եւ արձակազինութեան:
Բախումները սկսած էին, երբ անյայտ զինեալներ ալաուի մը սպաննած էին, որմէ ետք կին մը եւ 11ամեայ պատանի մը եւս սպաննուած էին:
Վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին ալաուի եւ սիւննի զինեալներու միջեւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումները առնուազն 27 զոհ խլած են: Քաղաքի բնակչութեան մօտաւորապէս 80 տոկոսը սիւննի է, իսկ 11 տոկոսը՝ ալաուի:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած Արաբական վեհաժողովին ընթացքին շեշտած է, թէ յառաջիկայ տարիներուն իրենց ժողովուրդներու ապագան կախեալ է արաբական աշխարհին մէջ չափաւորական ուժերու գոյութեան պահպանումէն: Սլէյման հաստատած է, որ անհրաժեշտ է արաբական երկիրներուն մէջ պահպանել ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտացնել արաբական երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը:
Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղած է այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու, ինչպէս նաեւ շեշտած Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն՝ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն, ազատ արձակման կարեւորութիւնը: