
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 26ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը լայնօրէն զեկուցեց Քեսապէն ներս տիրող կացութեան, այդ ուղղութեամբ իր տարած աշխատանքներուն եւ Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Որոշուեցաւ ամէն գնով օգնութեան փութալ Քեսապի հայութեան:
Ժողովէն ետք, կաթողիկոսը ըսաւ. «Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը այսօր մեզի համար առաջնահերթութիւն է: Աշխարհի մէջ ո՛ւր որ հայ ժողովուրդի զաւակները դժուարութեան դիմաց գտնուին, այդ դժուարութիւնը յաղթահարելը ամբողջ հայութեան առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ: Ուրախ ենք, որ Հայաստանէն սկսեալ մեր գաղութներէն ներս, զանազան ձեւերով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց մտահոգութիւնը եւ Քեսապի հայութեան օժանդակելու իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն: Ազգային միասնակամութեան սա շօշափելի արտայայտութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մեր ժողովուրդի հաւաքական հաւատքին ու վճռակամութեան: Ինչպէս Կիրակի օր մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, նոյն ցեղասպան թո՛ւրքն է Քեսապի քանդումին ու քեսապահայութեան տեղահանութեան ետին գտնուողը: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը պէտք չէ լուռ մնայ: Ան պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ՝ պետութիւններու ու միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնելով Քեսապի հայութեան ճամբով ամբողջ հայութեան ուղղուած ցեղասպանին այս նոր ոճրային արարքը»:
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր վեհափառ հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած երկրորդ պատուիրակութիւն մը ղրկեց Լաթաքիա, որուն պարտականութիւնն է կաթողիկոսարանին կողմէ նիւթական օժանդակութիւն փոխանցել շտապ օգնութեան մարմինին:
Յայտնենք, որ նորին սրբութիւնը մնայուն կապի մէջ է բոլոր պատասխանատուներուն հետ:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան «Ֆէյսպուք»ի էջը կը հաղորդէ, որ Մարտ 25ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանը հեռաձայնով մը կապ հաստատած է պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ եւ սրբազանին յայտնած, թէ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու տեղեակ է սուրիահայերու կացութենէն ու անոնց դիմագրաւած դժնդակ պայմաններէն: Ըստ Տաւութօղլուի՝ եթէ կան անձեր, որոնք կը փափաքին ապաստանիլ Թուրքիա, նախարարութիւնը Միտիաթի մէջ հայեր ընդունելու տրամադրութիւն ունի եւ պատրաստակամութիւն ունի օժանդակելու:
Զինուորական գետնի վրայ, «Էյ.Փի.» կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի օր բախումները շարունակուած են Քեսապի շուրջ, «Քայիտա»ի զինակից «Ճապհաթ Նուսրա»ի իսլամ ծայրայեղական զինեալները գրաւած են նաեւ Քեսապէն մօտաւորապէս 10 մղոն հեռու Ղասթալ Մաաֆ գիւղաքաղաքը, ինչպէս նաեւ Քեսապի կից Սամրա ծովեզերեայ շրջանը, ինչ որ դէպի ծով առաջին ելքն է ընդդիմութեան համար: Մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ ծովեզերքէն գրաւուած փոքր հատուածը կրնայ օգտագործուիլ ընդդիմադիրներուն զէնք եւ զինամթերք ներածելու համար, սակայն նկատի ունենալով, որ հոն նաւահանգիստ մը չկայ եւ սուրիական օդուժը կրնայ դիւրութեամբ ռմբակոծել որեւէ կասկածելի նաւ, մաքսանենգման նման փորձեր առնուազն շատ դժուար պիտի ըլլան: «Էյ.Փի.» կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիա ազատ անցք կը շնորհէ Քեսապի վրայ յարձակող եւ «Քայիտա»ի զինակից զինեալներուն:
Բրիտանիա հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական հսկողութեան կեդրոնին՝ Լաթաքիայէն հասած Չորեքշաբթի օրուան տեղեկութեանց համաձայն, կացութիւնը անորոշ է, որովհետեւ բախումները վճռորոշ չեն եւ կողմերը շարունակաբար յառաջխաղացքի ու նահանջի մէջ են:
Երեքշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ սուրաիական բանակը վերագրաւած է Քեսապի մօտակայ Նիսեր բլուրը, որ ընդդիմադիրներու հակակշիռին տակ ինկած էր նախապէս: