




ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, Մարտ 18ի առաւօտեան, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները այցելութիւն մը տուին Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Պօղոս աբղ. Թինքճեանի, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի եւ Նարեկ Ա քհնյ. Փեհլիվանեանի կողմէ:
Շուրջ 60 աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, խմբուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը. առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ՝ Տէրունական աղօթքով, Արեւագալի ժամերգութենէն «Յարեւելից»ի երգեցողութեամբ եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց» մաղթանքով օրը սկսաւ օրհնութեամբ, որմէ ետք աշակերտները ներկայացուցին իրենց պատրաստած յայտագիրը:
Նախակրթարանի աշակերտական խորհուրդի նախագահուհի՝ հինգերորդ դասարանի աշակերտուհի Մոնիք Մասէեան, խօսք առնելով բոլոր աշակերտներուն կողմէ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց տրուած այս առիթին համար: Երախտագիտութեան զգացումներով, ան նաեւ շեշտեց, թէ ինչպէ՛ս դպրոցին կից Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, անոնք կը ստանան կրօնական եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն:
Վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Գալստեանի դաշնակի նուագներուն ընկերակցութեամբ, աշակերտները Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի քայլերգները երգեցին, ապա՝ յաջորդաբար ներկայացուցին փունջ մը երգեր եւ բանաստեղծութիւններ:
Յայտագիրի աւարտին, հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգերու աշակերտներուն կողմէ առաջնորդ սրբազան հօր նուիրուեցաւ Միշա Կիւրէղեան-Հոլիի կողմէ պատրաստուած ձեռագործ մը՝ հայկական եկեղեցւոյ փոքրատիպը պատկերող:
Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, դպրոցի գրադարանին նուիրեց արուեստագէտ Հրայր Բազէի «Երկիր 2 Երկիր» նկարչական ալպոմը, ինչպէս նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի վերջին հրատարակութիւններէն, որպէսզի գրադարանը ճոխանայ ու աշակերտները օգտուին:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ ողջունեց ուսուցչական կազմն ու աշակերտները, ապա անոնց հարցումներ ուղղելէ ետք՝ հաղորդական ոճով Մեծ Պահքի մասին խօսեցաւ ու աշակերտներուն բացատրեց, թէ պահքը միայն ուտելիքէ զրկուելու ժամանակ չէ, այլ ամէն տեսակի թերութիւններէ սրբագրուելու եւ ֆիզիքապէս, մտովին ու հոգեպէս վերանորոգուելու, լաւ, բարի եւ հնազանդ աշակերտներ ըլլալ փորձելու ժամանակ է:
Սրբազանը նաեւ իր գոհուկանութիւնը յայտնեց, որ աշակերտները միաշունչ եւ միաբերան կատարեցին բանաստեղծութիւններ ու երգեր. ան աշակերտներուն արտասանած «Կարօտ Հայրենի» եւ «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութեանց տողերէն «Մի՛շտ խօսինք հայերէն» եւ «Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս» բառերով՝ խոստում ստացաւ, որ անոնք միշտ հայերէն պիտի փորձեն խօսիլ, որպէսզի գործադրած ըլլան իրենց խոստումը:
Հաճելի յայտագիրը աւարտեցաւ «Պահպանի»չ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, որմէ ետք աշակերտները եւ ուսուցիչները լուսանկարուեցան առաջնորդին հետ:
Աշակերտները նաեւ առիթ ունեցան ծանօթանալու Ազգ. առաջնորդարանի բաժանմունքներուն եւ անոնց մէջ տարուած աշխատանքներուն:
Աշակերտները մեկնեցան յիշատակելի օր մը ունեցած ըլլալու գոհունակութեամբ: