
ՀԱԼԷՊ.- Շաբաթ, 21 Մարտ 2014ի առաւօտեան ժամը 3էն սկսեալ, զինեալ խմբաւորումներ, 8 տարբեր կէտերէ Սուրիոյ Քեսապ աւանը թափանցելու անակնկալ փորձեր կատարեցին: Առաւօտեան ժամը 5:45ին, անոնք թափանցեցին միայն մէկ կէտէ՝ Կասիոս լերան հիւսիսային բաժինէն դէպի Սեւ Աղբիւր, եւ յարձակեցան տեղւոյն ոստիկանատան վրայ:
Նշենք, որ Սեւ Աղբիւրը Թուրքիոյ հետ 5 քլմ. տարածութեամբ չէզոք գօտի ունի: Յարձակումները գլխաւորաբար եղած են արձակազէններով եւ հրթիռներով. իբրեւ հետեւանք՝ վիրաւորուած են շարք մը պահակներ, գաւառապետն ու քանի մը բնակիչներ:
Նոյն ժամերուն, զինեալ խմբաւորումներ խաղաղ բնակչութեան վրայ սկսած են արձակելու հրթիռներ, որոնք ինկած են յատկապէս Քեսապի Քէօրքիւնէ գիւղի մերձակայքն ու Սեւ Աղբիւր գիւղը: Տեղւոյն ժողովրդային ուժերն ու տեղացի երիտասարդները դէմ դրած ու պաշտպանած են գիւղը, մինչեւ սուրիական օրինաւոր բանակի ժամանումը:
Բախումներու շրջաններուն մէջ գտնուող բնակիչներէն ոմանք, յատկապէս կիներն ու երեխաները, ապաստանած են Լաթաքիա, իրենց հարազատներուն մօտ ու Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, սակայն Էքիզօլուխի, Պաղճաասի եւ մերձակայ շրջաններու բնակիչները չեն լքած իրենց բնակավայրը:
Քեսապի մէջ վերջին շրջանին ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած էին նաեւ հալէպցի հայ ընտանիքներ: Սուրիական կանոնաւոր բանակը հասած ու իր հակակշիռին տակ առած է շրջանը: Ըստ լիբանանեան «Մայատին» կայանին՝ թրքական զօրքը ծածկած է զինեալ ընդդիմադիրներուն նահանջն ու վիրաւորներուն փոխադրումը դէպի սահմանային հիւանդանոցներ: