ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան միջեւ 18 Մարտին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր: Անիկա ստորագրուած է մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահվերդեանի միջեւ:
Փոխըմբռնման յուշագիրով նախատեսուած է համագործակցութիւն՝ օրէնսդրութեան եւ իրաւական արձանագրութիւններու մշակման ու բարելաւման, պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական հաշուառման, պահպանութեան, ուսումնասիրութեան, ամրակայման, վերականգնման եւ օգտագործման ոլորտներուն մէջ:
Կը նախատեսուի գիտամեթոտական խորհուրդներու համագործակցութիւն, հնագիտական պեղումներու, յուշարձաններու դիտարկման համատեղ կազմակերպում, աջակցութիւն՝ թանգարանային նոր ցուցադրութիւններու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ բնագաւառի մասնագէտներու փոխայցելութիւններու կայացման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.