
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլու «Ճեզիրա» գործակալութեան կայքին վրայ կը հաղորդէ հետեւեալ լուրը.
Սիրքեճիի «Սանասարեան» խանի պատկանելիութեան գծով դատը, որ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ բացուած էր Վագըֆներու (հաստատութիւններու) ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ, թեւակոխեց կարեւոր փուլ մը։ Պոլսոյ համալսարանի ակադեմականներուն կողմէ պատրաստուեցաւ մասնագիտական տեղեկագիր մը, ըստ որուն՝ «Սանասարեան» խանը համայնքապատկան կալուած է։ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ բացուած դատը կը շարունակուի մէկ ու կէս տարիէ ի վեր։ Դատարանը վերջին նիստին ընթացքին պահանջած էր մասնագէտներու տեղեկագիրը, որ անցեալ շաբաթ ուղարկուեցաւ պատկան մարմինին։ Տեղեկագիրը լոյս կը սփռէ իրականութիւններու վրայ ու կը հաստատէ, թէ «Սանասարեան» վագըֆը հիմնուած էր հայ համայնքի չքաւոր երեխաներու կրթութեան նպատակով։ Հայապատկան այդ գոյքերը լքեալ գոյք նկատելը եւ զանոնք պետութեան փոխանցելը թիւ 21762 օրէնքին ներհակ է։
Պատրիարքարանը կը պնդէ, որ «Սանասարեան» վագըֆը կը պատկանի պատրիարքարանին, իսկ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կ՛ըսէ, որ Հայոց պատրիարքարանը օրինական ինքնութիւն չունի, հետեւաբար՝ չի կրնար դատ բանալ, ու կը շեշտէ, թէ «Սանասարեան» վագըֆը հիմնուած էր Օսմանեան կայսրութեան շրջանին որբ հայ երեխաներու ուսումը ապահովելու համար, բայց հիմա բարեգործական այդ ծառայութիւնը չէ մնացած։
Մկրտիչ աղա Սանասարեան Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կառուցած էր «Սանասարեան» խանը եւ զայն յանձնած էր պատրիարքարանի տնօրինութեան։ Պետութիւնը խանը գրաւեց նախ՝ 1915ին, ապա կարճ ժամանակի մը համար խանը դարձեալ վերադարձուեցաւ պատրիարքարանին։ 1928ին, խանի եկամուտներուն վրայ ձեռք դրուեցաւ, իսկ 1935ին այդ խանը ամբողջութեամբ առնուեցաւ համայնքէն։ Երկար տարիներ շէնքը գործածուեցաւ իբրեւ Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէնութեան կեդրոն։ Զինուորական յեղաշրջումներու տարիներուն, այս շէնքի նկուղները կը գործածուէին որպէս չարչարանքներու եւ տանջանքներու կեդրոններ։ Նազիմ Հիքմեթ, Նիհալ Աթսըզ, Աթիլլա Իլան, Ռուհի Սու եւ ասոնց նման նշանաւոր այլ անձեր, այս խանի նկուղներուն մէջ կտտանքներու եւ չարչարանքներու ենթարկուած են։
Պատրիարքարանի փաստաբաններէն Ալի Էլպէյօղլու հարցազրոյց մը տուաւ «Ճեզիրա-Թիւրք» կայանին ու ըսաւ, որ Հայոց պատրիարքարանի օրինաւոր ինքնութիւնը չճանչնալ՝ կը նշանակէ ըսել, թէ պատրիարքարան չկայ։ «Ուրեմն, ինչո՞ւ պատրիարքները կ՛ընդունուին որպէս պաշտօնական խօսակիցներ եւ կ՛արտօնուի անոնց յատուկ («Վի.Այ.Փի.») ծառայութիւններէ օգտուիլ։ Էլպէյօղլու յիշեցուց, որ դատավարութիւնը կը շարունակուի եւ հակառակ անոր, որ դատարանը զգոյշ որոշում մը առած է՝ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը վարձու տուած է «Սանասարեան» խանը։
Իրականութեան մէջ «Սանասարեան» խանի մասին տարակարծութիւնները կու գան 1935էն։ Այդ պատճառով է, որ 1936ի «պէյաննամէ»ներու մէջ չէ արձանագրուած այս վագըֆին մասին։
«Սանասարեան» խանի իրաւական գործընթացը կը շարունակուի եւ յաջորդ դատը պիտի կայանայ Ապրիլ 22ին։