
Կիրակի, 9 Մարտի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան:
Հայր սուրբը ճաշու աւետարանական հատուածը բացատրելէ ետք, անդրադարձաւ Սումգայթի զոհերուն:
Պատարագի աւարտին, ժողովուրդը թափօր կազմած, գլխաւորութեամբ հայր սուրբին եւ ներկայութեամբ Թաղական խորհուրդին, շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի մէջ ծառայող 6 հայ սպաներու, եկեղեցւոյ սպասաւորներու եւ հոծ բազմութեան, ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ կողքին գտնուող խաչքարը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում՝ Սումգայիթի զոհերու յիշատակին: Հոգեհանգստեան եկեղեցական արարողութենէն ետք, Թաղական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեան, առնելով հայ սպաներու ձեռքէն ծաղկեպսակը, զետեղեց խաչքարի առջեւ եւ հայ համայնքին կողմէ իր յարգանքի տուրքը մատուցեց:
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: