
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀԵԴ ճամբարի պատասխանատուները արդէն իսկ սկսած են ընդունելու ամառնային շաբաթօրեայ եւ օրական ճամբարներու դիմումնագիրները:
Ընկերային, դաստիարակչական եւ մշակութային շարք մը ծրագիրներով, ինչպէս նաեւ խաղերով, մարզանքներով եւ ձեռային աշխատանքներով հարուստ այս ճամբարները իւրայատուկ փորձառութիւններ ձեռք ձգելու եւ հայ ինքնութիւնը ամրապնդելու հոյակապ առիթ կը հանդիսանան պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար:
Շաբաթական բանակումներու ժամանակացոյցը հետեւեալն է.
Ա. շաբաթ՝ Յունիս 15-22
Բ. շաբաթ՝ Յունիս 22-29
Գ. շաբաթ՝ Յուլիս 6-13
Դ. շաբաթ՝ Յուլիս 13-20
Ե. շաբաթ՝ Յուլիս 20-27
Զ. շաբաթ՝ Յուլիս 27-Օգոստոս 3
Է. շաբաթ՝ Օգոստոս 3-Օգոստոս 9 (50 տոլար զեղչով)
Օրական ճամբարները տեղի պիտի ունենան Փասատինայի եւ Հոլիվուտի մէջ, հետեւեալ ժամանակացոյցով՝
Ա. շաբաթ՝ Յուլիս 7-11
Բ. շաբաթ՝ Յուլիս 14-18
Գ. շաբաթ՝ Յուլիս 21-25
Դ. շաբաթ՝ Յուլիս 28-Օգոստոս 1
Կանուխ արձանագրուողներուն համար յատուկ զեղչեր տրամադրելի են: Մինչեւ Մարտ 31 արձանագրուողներուն համար, շաբաթական ճամբարներու զեղչուած սակը 395 տոլար է, իսկ մինչեւ Ապրիլ 30 արձանագրուողներուն համար, օրական ճամբարներու սակը 150 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ayfcamp.org կայքը: