
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ բացայայտուած շարք մը գաղտնալսուած հեռաձայնային զրոյցներու մէջ բացայայտուած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր որդիին կը յանձնարարէ ոստիկանութենէն թաքցնել Պոլսոյ իր տան մէջ պահուած տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարը:
Այս ցնցող բացայայտումը պատճառ դարձաւ համատարած կոչերու՝ Էրտողանի հրաժարականի պահանջով, թէեւ վերջինս կը պնդէ, թէ ձայնագրութիւնները կեղծ են կամ՝ մոնթաժ եղած: Սակայն ի յայտ եկած է, որ վարչապետին եւ անոր որդիին խօսակցութիւններուն ձայնագրութիւնները իսկական են՝ ըստ ամերիկեան «Կարտըտ ռիսք» համացանցային ընկերութեան, որ կատարած է հեռաձայնային խօսակցութեան մանրամասն դատափորձագիտական հետազօտութիւնը:
Հեգնական է, որ Էրտողան, որ իշխանութեան եկած էր իբրեւ իսլամական՝ նպատակ հռչակելով կաշառակերութեան վերացումը թրքական քաղաքականութենէն, զոհ գնաց «Իշխանութիւնը կը փճացնէ. բացարձակ իշխանութիւնը բացարձակապէս կը փճացնէ» առածին:
Հեռաձայնային խօսակցութիւնները գաղտնօրէն ձայնագրուած էին այն օրը, երբ ոստիկանութիւնը ներխուժած էր նախարարներու, յայտնի գործարարներու եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի տուները: Բոլորն ալ կը մեղադրուին կաշառակերութեան եւ փտածութեան այլ դրսեւորումներու մէջ ներգրաւուած ըլլալով:
Կը ներկայացնենք հատուածներ Էրտողանի եւ անոր որդիին՝ Պիլալի գաղտնալսուած հինգ հեռաձայնային զրոյցներէն.
Առաջին խօսակցութիւնը՝ 2013ի Դեկտեմբեր 17ին, ժամը 8:02ին։
Էրտողան.- .… Բոլոր ունեցածդ դուրս հանէ տունէդ, լա՞ւ:
Պիլալ.- Ի՞նչ ունիմ որ, հայրի՛կ: Դրամդ չհրկիզուող պահարանին մէջ է:
Էրտողան.- Ճիշդ ատոր մասին կը խօսիմ….
Պիլալ.- Ի՞նչ պէտք է ընենք ատիկա, հայրի՛կ: Ո՞ւր պիտի տեղաւորենք զայն:
Էրտողան.- Յատուկ տեղեր, որոշ յատուկ տեղեր…. Ըրէ այդ մէկը:
Երկրորդ խօսակցութիւնը՝ ժամը 11:17ին։
Պիլալ.-.… Եղբայրս (փեսայ) Պերաթը այլ գաղափար մը ունի: Ան կ՛ըսէ, որ մենք ատոր մէկ մասը տանք Ֆարուքին (Կալիւնչի, շինարարական ընկերութեան նախագահ) միւս աշխատանքին համար, որպէսզի ան կարենայ զանոնք գործի մէջ դնել նախորդներուն պէս: Այդպէս ընե՞նք: Այդ ձեւով մենք կրնանք մեծ գումար մը դասաւորել:
Էրտողան.- Թերեւս:
Պիլալ.- Լաւ: Միւս մասին համար, քանի որ պիզնես համագործակցութիւն սկսած ենք Մեհմեթ Կիւրի հետ (շինարարական խումբի ղեկավար), կը մտածենք ատիկա տալ անոր՝ ըսելով. «Պահէ՛ ասիկա, դուն կրնաս զայն օգտագործել հետագայ ծրագիրներուդ համար»: Այս ձեւով մենք կրնանք նուազեցնել զայն, իսկ մնացածն ալ տեղափոխել այլ տեղ մը:
Էրտողան.- Լա՛ւ, շա՛տ լաւ, այնքան ատեն որ դուն կ՛ընես ասիկա…. Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ընես…. Եթէ դուն կարենաս բոլորը վերացնել:
Պիլալ.- Այո՛, Աստուծոյ կամքով, այսօր բոլորը հաշիւները կը մաքրենք…
Երրորդ խօսակցութիւնը՝ ժամը 15:39ին։
Էրտողան.- Կատարեցի՞ր քեզի տուած բոլոր գործերս:
Պիլալ.- Երեկոյեան կ՛աւարտենք: Մէկ մասը դասաւորեցինք. մենք դասաւորած ենք Պերաթի մասը, հիմա, առաջին հերթին կը կարգաւորենք Մեհմեթ Կիւրի մասը, իսկ յետոյ՝ մնացածը. անոնք կ՛ընենք մթննալէն ետք….
Էրտողան.- Ի՞նչ ըրած է Սումէյէն [դուստրը]:
Պիլալ.- Ան դուրս բերած է, հանած է զանոնք, մենք խօսած ենք եւ այլն:
Էրտողան.- Հեռաձանով մի՛ խօսիք իրարու հետ:
Չորրորդ խօսակցութիւնը՝ ժամը 23:15ին։
Պիլալ.- Բարե՛ւ հայրիկ, կը հեռաձայնեմ, որ … մենք հիմնականօրէն ըրինք [այդ]: Դուն հիմա ինծի հեռաձայնեցի՞ր, հայրի՛կ:
Էրտողան.- Ո՛չ, ես քեզի չհեռաձայնեցի, դո՛ւն ինծի հեռաձայնեցիր:
Պիլալ.- Ինծի հեռաձայնած են գաղտնի թիւէ մը:
Էրտողան.- Երբ կ՛ըսես «մեծաւ մասամբ», արդեօք դուն ամբողջովին մէջտեղէն հանա՞ծ ես զայն:
Պիլալ.- Դեռ ամբողջական չէ, զերոյի չհասաւ, հայրի՛կ: Առիթ տուր, որ բացատրեմ: Մենք դեռ ունինք 30 միլիոն եուրօ, որ մինչեւ հիմա չենք կրցած վերացնել: Պերաթը առաջարկ մը ունի: Կար լրացուցիչ 25 միլիոն տոլար, որ պիտի ստանար Ահմեթ Չալըքը (գործարար)։ Իրենք կ՛առաջարկեն ատիկա տալ [անոր]: Երբ դրամը ստանանք, բան մը կ՛ընենք, կ՛ըսեն իրենք: Իսկ մնացած գումարով կրնանք բնակարան գնել Շահրիզարէն, ըսաւ ան: Ի՞նչ կ՛ըսես, հայրի՛կ:
Էրտողան.- Ինչ որ է, մենք կը դասաւորենք:
Պիլալ.- Այսպէ՞ս պիտի ընենք:
Էրտողան.- Լա՛ւ, այդպէս ըրէ:
Պիլալ.- Կ՛ուզե՞ս, որ ատոնք բոլորը վերացնեմ, հայրի՛կ, կամ կ՛ուզես որոշ գումար մը քեզի համար:
Էրտողան.- Ո՛չ, ատիկա կարելի չէ պահել, որդի՛ս: Դուն պիտի փոխանցես զանոնք ուրիշներուն, կրնաս զանոնք փոխանցել Մեհմեթի հետ:
Պիլալ.- Այո՛, անոնց տուած ենք: Մենք անոնց տուած ենք 20 [միլիոն] տոլար:
Էրտողան.- Ի սէր Աստուծոյ, առաջին հերթին դուն ատոնք պիտի փոխանցես: Դուն կրնաս յետոյ ատոնք ընել…
Պիլալ.- Այս պահուն մենք կրցանք այսքանը տալ: Դժուար է արդէն, անիկա շատ տեղ կը գրաւէ: Մէկ մասը տեղաւորած ենք մէկ այլ տեղ, մէկ մասը տուած ենք Թունճին, եւ յետոյ…
Էրտողան.- Ամբողջը փոխանցած էիր Թունճի՞ն:
Պիլալ.- Անոնք հարցուցած են, ես հասկցայ, որ ան կրնայ վերցնել միայն 10 միլիոն եւրօ:
Էրդողան.- Ի՛նչ որ է, ասով մի՛ խօսիր (հեռախօսով):
Պիլալ.- Լա՛ւ, ուրեմն, կը դասաւորենք:
Էրտողան.- Լա՛ւ, ըրէ ատիկա: Ես չեմ կրնար գալ այս գիշեր: Պիտի մնամ Անգարա:
Հինգերորդ խօսակցութիւնը՝ 2013 թուականի Դեկտեմբեր 18ին, ժամը 10:58ին։
Էրտողան.- Որոշեցի հեռաձայնել, տեսնել՝ որեւէ նորութիւն կա՞յ:
Պիլալ.– Ո՛չ, ոչ մէկ բան: Աստուծոյ օգնութեամբ աւարտեցինք մեզի տուած պարտականութիւններդ:
Էրտողան.- Ամէ՞ն ինչ վերացուած է:
Պիլալ.- Ամբողջութեամբ… Ինչպէ՞ս ըսեմ: Ես ունիմ Սամանտիրայի եւ Մալթեփիի գումարը՝ 730 հազար տոլար եւ 300 հազար թրքական լիրա: Ասոնք եւս կը կարգաւորեմ: Մենք պարտք ենք 1 միլիոն թրքական լիրա Ֆայիք Իշկին. ես ատիկա կու տամ անոր եւ կ՛ըսեմ, որ մնացածը փոխանցէ ակադեմիային:
Էրտողան.- Բացէ ի բաց մի՛ խօսիր:
Պիլալ.- Չընե՞մ:
Էրտողան.- Ո՛չ, հասկցա՞ր:
Պիլալ.- Լա՛ւ, հայրի՛կ:
Էրտողան.- Ես նկատի ունեմ, որ մօտդ ոչինչ պահես, ըլլայ ատիկա Սամանտիրա կամ այլ… ղրկէ այնտեղ, ուր որ պէտք է, ինչո՞ւ կը պահես մօտդ:
Պիլալ.- Լա՛ւ, հայրի՛կ, բայց ես կը կարծեմ, թէ մենք հսկողութեան տակ ենք:
Էրտողան.- Այն, ինչի մասին ես քեզի կ՛ըսէի սկիզբէն…
Պիլալ.- Բայց անվտանգութեան աշխատակիցնե՞րը մեզի կը հետեւին, հայրի՛կ:
Էրտողան.- Տղա՛ս, քեզ կը գաղտնալսեն:
Պիլալ.- Բայց անոնք նաեւ կը տեսահսկեն մեզ:
Էրտողան.- Կրնայ ճիշդ ըլլալ: Հիմա, մենք որոշ բաներ ըրած ենք Պոլսոյ ոստիկանական վարչութեան մէջ:
Այնուհետեւ բացայայտուած են յաւելեալ ձայնագրութիւններ, որոնց մէջ Էրտողանը եւ անոր որդին կը խօսին թուրք գործարարի մը առաջարկած 10 միլիոն տոլարի կաշառքը մերժելու մասին՝ բաւարար չըլլալուն պատճառով:
Էրտողան կրնայ կորսնցնել ոչ միայն վարչապետի իր պաշտօնը եւ մօտ ապագային նախագահ դառնալու կարելիութիւնը, այլ նաեւ կրնայ ենթարկուիլ դատական հետապնդման եւ երկարատեւ բանտարկութեան՝ իր յանցագործութիւններուն պատճառով։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը