
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 Մարտին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սլաւա Ասրեան: Քննարկուած են Արցախի մէջ գիտութեան ու կրթութեան զարգացման եւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Արմէն Աշոտեանի կատարած այս այցելութեան ծիրին մէջ համաձայնագիր մը ստորագրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ՝ կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ 2014-2020 թուականներու համագործակցութեան վերաբերող: Համաձայնագիրին համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յատկապէս բարձրորակ մասնագէտներ պատրաստելու նպատակով Հայաստանի պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պիտի յատկացուին տարեկան 60 անվճար տեղեր (պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան), նաեւ պիտի ապահովուի լաւագոյն շրջանաւարտներու մագիստրոսական կրթութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի համալսարանաւարտներուն համար տարեկան 30 անվճար տեղեր յատկացնելով Հայաստանի պետական համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ տարեկան 5 դոկտորականի թեկնածուներու անվճար տեղեր:
Հանրակրթութեան ոլորտին մէջ նախատեսուած է, որ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերէ դասագիրքերու, մեթոտական եւ մասնագիտական գրականութեան ձեռքբերման ուղղութեամբ: Բացի ատկէ, կողմերը միջոցներու պիտի ձեռնարկեն Հայաստանի մէջ կազմակերպուող դպրոցականներու տարբեր բնոյթի մրցումներուն Լեռնային Ղարաբաղի աշակերտներուն մասնակութիւնը ապահովելու եւ յաղթողները համապատասխան միջազգային մրցումներու մասնակցող կազմերուն մէջ նկատի ունենալու ուղղութեամբ։
Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի համալսարաններուն միջեւ համաձայնագիրներու կնքման իբրեւ արդիւնք, ըստ անհրաժեշտութեան կրկնակի վկայականներ տալով՝ Լեռնային Ղարաբաղի համալսարանաւարտները կարելիութիւն պիտի ունենան իրենց ուսումը արտերկրի մէջ շարունակելու՝ նկատի ունենալով, որ Լեռնային Ղարաբաղը տակաւին ճանչցուած պետութիւն չէ։