ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Լոյս տեսած է «Ժամանակակից Հայ Արձակի Հիմնախնդիրներ» ժողովածուն, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 20 Փետրուարին:
Ժողովածուն կը ներառէ «Ժամանակակից հայ արձակի հիմնախնդիրներ» գիտաժողովի 20 զեկոյցները: Նիւթերը կ՛անդրադառնան նորագոյն շրջանի հայ արձակին ընթացքին, գեղարուեստական ու բովանդակային հարցադրումներուն, ոճային առանձնայատկութիւններուն ու բազմազանութեան:
«Մտածեցինք՝ ինչու չանդրադառնալ մեր ժամանակակից արձակին ու որոշեցինք, որ մեր հերթական գիտաժողովը պիտի նուիրենք դրան, դրա դրսեւորումներին, զարգացման հեռանկարներին եւ այլն», յայտնած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը:
Շնորհահանդէսին ընթացքին գրականագէտ Վազգէն Գաբրիէլեանը նշած է, որ գիրքին մէջ ներառուած են այսօրուան մեր գրականութեամբ զբաղող քննադատներու, գրողներու տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու գործերը:
Այս առիթով բարձր յառաջադիմութիւն եւ գրական–ստեղծագործական ձիրք ունեցող 5 ուսանողներ արժանացած են «Յակոբ Կարապենց» կրթաթոշակի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.