ԹԻՖԼԻՍ.- «Քորեսփոնտընթ» թերթը կը գրէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի վրացական «Ռուսթաւի-2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Վրաստան պէտք է կարենայ Մոսկուան համոզել, որ Վրաստանի ՆԱԹՕին անդամակցութիւնը սպառնալիք չէ Ռուսիոյ համար:
«Վրաստանի նախկին իշխանութիւնները, իսկ այժմ նոր իշխանութիւններուն քաղաքական ընդդիմադիրները վերջին 10 տարիներուն փորձած են աշխարհը համոզել, որ եթէ Վրաստանը ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնայ, ապա ատիկա բացարձակ աղէտ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ համար», ըսած է Մարկվելաշվիլի՝ անհիմն նկատելով այդ պնդումը:
«Մեր նպատակն է համոզել բոլոր անոնք, որոնց հետ կը խօսինք Ռուսիոյ մէջ, յատկապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ Վրաստանի՝ ՆԱԹՕին մէջ ներկայութիւնը լուծում պիտի դառնայ բազմաթիւ խնդիրներու, որոնց առջեւ կանգնած է Ռուսիան», աւելցուցած է նախագահ Մարկվելաշվիլի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.