ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 14 Փետրուարին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ժան-Միշել Հափի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրն, Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորըլ եւ Բրիտանիոյ դեսպան Ճոնըթան Էյվըսը: Հանդիպման նպատակն էր քննարկել այս երկիրներու եւ Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ 2014ի գարնան Երեւանի մէջ կայանալիք կայուն հանքարդիւնաբերութեան նուիրուած համաժողովին վերաբերող հարցեր:
Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէնին համաձայն՝ համաժողովի կայացումը առնչուած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ աշխարհի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է նախաձեռնութեան համար, ընդունած է հրաւէրը եւ յայտնած կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ որպէս համահովանաւոր աջակցելու համաժողովի կազմակերպման: Տիգրան Սարգսեանի կարծիքով՝ համաժողովը առիթ կու տայ ներկայացնելու Հայաստանի ներդրումային միջավայրը միջազգային ասպարէզին մէջ եւ մասնաւոր ներդրումներ ներգրաւելու հանքահումքային արդիւնաբերութեան բնագաւառին մէջ: «Այն, մասնաւորապէս, պէտք է անցկացուի Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած կանաչ տնտեսութեան եւ կայուն զարգացման սկզբունքների տրամաբանութեան շրջանակում», դիտել տուած է վարչապետը, որ յանձնարարած է Հայաստանի տարածքային կառավարման, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, բնապահպանութեան եւ աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարներ՝ համաժողովի կազմակերպիչներուն հետ քննարկելու եւ նախապատրաստելու ժողովի օրակարգը:
Իրենց խօսքին մէջ երեք դեսպանները ընդգծած են, որ համաժողովը, ըստ էութեան, երկակի ուղղուածութիւն ունի՝ քննարկումներուն մէջ ներգրաւել թէ՛ ոլորտի միջազգային ընկերութիւններ, եւ թէ Հայաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններն ու քաղաքացիական հասարակութիւնը: Այս մօտեցումը կարելիութիւն պիտի տայ երկխօսութեան դաշտ ձեւաւորելու եւ հասկնալու, թէ ինչպէս կարելի է երկուստեք շահաւէտօրէն կազմակերպել հանքարդիւնահանումը: Անոնք տեղեկացուցած են, որ համաժողովի կազմակերպման կ՛աջակցին նաեւ Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատունը, Միջազգային ֆինանսական համագործակցութիւնը, Հայկական զարգացման դրամատունը, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գործող երեք մեծագոյն ընկերութիւնները եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները: Նախատեսուած է զայն կայացնել երկու օր՝ շուրջ 70 միջազգային լաւագոյն փորձագէտներու, առաջատար ընկերութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.