
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արմէնփրէս»ը կապուած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանին եւ հարցուցած, թէ ի՞նչ է իրենց արձագանգը Քիեւի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն մասին։
«Խորապէս ցաւում ենք Կիեւում բախումների հետեւանքով տասնեակ զոհերի կապակցութեամբ: Ուկրաինան Հայաստանի բարեկամ երկիր է: Յոյս ենք յայտնում, որ կողմերը բանակցութիւններ կը վերսկսեն վիճելի հարցերին խաղաղ հանգուցալուծում տալու համար», յայտնած է Բալայեան: