
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 18ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, թէ Թուրքիա պիտի այցելէ:
«Այսօր պիտի մեկնիմ Անգարա: Կ՛ակնկալեմ լսել Թուրքիոյ դիրքորոշումը», գրած է Ուորլիք՝ առանց մանրամասնելու:
Վերջերս, ամերիկացի համանախագահը բաւական աշխոյժ է «Թուիթըր» ցանցին վրայ՝ իր կարծիքները արտայայտելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Քանի մը օր առաջ ան գրած էր, թէ Կիպրոսի յոյներն ու թուրքերը սկսած են Կիպրոսի տագնապին շուրջ համապարփակ բանակցութիւններու, եւ հարց տուած էր, թէ ինչո՞ւ նոյնը չեն ըներ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը՝ դարձեալ առանց մանրամասնելու: