ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցը օժտուեցաւ իր աշակերտական պարբերաթերթով: Արդէն իսկ լոյս տեսած է «Շաբաթօրեայ Լրաբեր»ի երկրորդ թիւը, որ ուղղուած է դպրոցի ծնողներուն եւ յատկապէս աշակերտներուն։
Պարբերաթերթի ընդգրկած նիւթերն են՝ հայոց պատմութիւն, նշանաւոր հայ դէմքեր, բառագիտութիւն, ծիծաղ, գիտելիքներ եւ դպրոցի լուրեր։
«Աշակերտը հպարտ կը զգայ կարդալով իր դպրոցին մասին, կ՛ուրախանայ տեսնելով իր առօրեայի պատկերները, կը զարգանայ կարդալով տարբեր հայկական նիւթերու մասին եւ կը քաջալերուի մասնակից դառնալու թերթին։ Յոյսով եմ, որ հետագային աւելի ծաւալուն կը դարձնենք մեր թերթը», այս առթիւ կը յայտնէ դպրոցի տնօրէնուհի Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.