ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարք մը տեղի պիտի ունենայ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցը ոգեկոչելու եւ Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով:
2002էն ի վեր, նահանգի զանազան շրջաններէն հայեր կը հաւաքուին Սաքրամենթօ, Հայ Դատի յանձնախումբին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի անդամներուն հետ ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ խորհրդակցելու համար հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Աստրեան կը յայտնէ, թէ այս հաւաքները լաւ առիթներ են հայութեան ձայնը լսելի դարձնելու համար մայրաքաղաքի քաղաքական շրջանակներէն ներս:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ կայանալիք ոգեկոչման ձեռնարկներուն ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան խորհրդարանի անդամներ ու ծերակուտականներ, որմէ ետք պիտի վաւերացուին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւներ, ապա հաւաքին մասնակիցիները առիթ պիտի ունենան խորհրդակցելու խորհրդարանականներուն եւ ծերակուտականներուն հետ:
Խումբը ճամբայ պիտի ելլէ Կիրակի, Ապրիլ 6ին ու պիտի վերադառնայ Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ի գիշերը:
Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ancawr կայքէջը:
Անոնք, որոնք փոխադրութեան կամ հոն գիշերելու կարիք չունին, կրնան արձանագրուիլ
www.ancawr.org/registeradvocacyday կայքէջէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.ancawr.org կայքը, կամ դիմել
CAstate@ancawr.org հասցէին եւ (818) 500-1918 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.