
ՔԱՐՍԸՆ, Քալիֆորնիա.- Շաբաթ, Փետրուար 8ի երեկոյեան, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 12,500 հանդիսատեսներու, մեծամասնութեամբ՝ հայ, Լոս Անճելըսի «Կելըքսի» ֆութպոլի խումբը բարեկամական խաղի մը համար հիւրընկալեց հայրենի «Շիրակ Էֆ.Սի.» խումբը:
Առաջին կիսախաղին, «Շիրակ»ի մարզիկները տպաւորիչ խաղարկութիւն ցուցաբերեցին՝ ստեղծելով կօլ նշանակելու քանի մը առիթներ, որոնցմէ մէկը կօլի կրցաւ վերածել Փղոսրկիա Ափունքէն Սերժ Տեպլէն: Սակայն, կիսախաղի աւարտէն երկու վայրկեան առաջի, հիւրընկալ կազմի պրազիլցի խաղացող Սամուլը կրցաւ խաղին արդիւնքը հաւասարեցնել, իսկ երկրորդ կիսախաղին, Կիազի Զարտեզ նշանակեց Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ ֆութպոլի մրցաշարքերուն չորս անգամ ախոյեան դարձած «Կելըքսի» խումբի յաղթական կօլը:
Մրցումին վերջին պահերուն հաւասարութիւն ապահովելու հայրենի մարզիկներուն ջանքերը զսպուեցան բերդապահին կողմէ:
Միւս կողմէ, գերմանական «Պրուսիա Տորթմունտ»էն խաղացող հայրենի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան, Շաբաթ օր նշանակած է երկու կօլեր, որոնց շնորհիւ իր խումբը 5-1 արդիւնքով յաղթանակ տարած է Պրեմընի «Վերտեր» ակումբին դէմ։ Մրցումէն ետք «Պորուսիա»ի մարզիչը դրուատած է Մխիթարեանի ելոյթը՝ մաղթելով, որ ան շարունակէ իր փայլուն խաղարկութիւնը։
Գերմանական շարք մը թերթեր եւս մեծ գովասանքով արտայայտուած են Մխիթարեանի խաղարկութեան մասին: