ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան խոստացաւ Ազգային ժողովին մէջ անդրադառնալ խորհրդարանին մէջ կազի հարցերով յանձնաժողով ստեղծելու առնչութեամբ ոչ իշխանական ուժերու նախաձեռնութեան: Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի 2014ի գործունէութեան ծրագիրի քննարկման ընթացքին Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանտ Բագրատեան կրկին բարձրացուց սահմանին վրայ եւ սպառողին հասնող կազի գինի տարբերութեան, ինչպէս նաեւ կազի համար կառավարութեան կուտակած 300 միլիոն տոլարի հարցերը՝ յիշեցնելով, որ իրենք կ՛ուզէին յանձնաժողով ստեղծել այդ հարցերը ուսումնասիրելու համար, սակայն մեծամասնութիւնը մերժեց այդ նախագիծը:
Հրանտ Բագրատեանի ելոյթին արձագանգեց Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը: «Պարո՛ն Բագրատեան, մենք անպայման կ՛անդրադառնանք ձեր բարձրացրած հարցերին եւ նախաձեռնութեանը, որով դուք հանդէս էիք եկել: Մենք անպայման քննարկումներ կը կազմակերպենք եւ ես կոչ կ՛անեմ, որպէսզի բոլոր քաղաքական ուժերը ակտիւօրէն մասնակցեն այդ քննարկումներին», նշեց Աբրահամեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.