– Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը հաղորդեց, որ Էրտողանի գրասենեակէն ամիսներ առաջ յայտնաբերուած գաղտնալսումի սարքի մը ձայնային ազդանշան ստացող մասը գտնուած է Թուրքիոյ Գերագոյն ատեանի շէնքի տանիքէն: Այս բացայայտումը կատարած է Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը:
– Թրքական «Էն.Թի.Վի.» կայանը կը հաղորդէ, որ կառավարութիւնը ոստիկանութեան շարքերուն մէջ մաքրագործումի արշաւը շարունակելով, «մեծ կաշառք» գայթակղութեան ծիրէն ներս, Անգարայի մէջ պաշտօնէ արձակած է կամ այլ վայր փոխադրած 470 ոստիկաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.