
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արագ ճատրակի 16րդ ախոյեանութեան յաղթողը հանդիսացած է Յովհաննէս Գաբուզեանը: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին համաձայն՝ Երեւանի մէջ կայացած Հայաստանի արագ ճատրակի 16րդ ախոյեանութեան երկրի 2014ի ախոյեանի կոչումը նուաճած քրոսմայսթըր Յովհաննէս Գաբուզեանը 8 կէտէն վաստկած է 7 միաւոր:
Յաղթողէն մէկ կէտով ետ մնացած են Զաւէն Անդրիասեանը, Ռոբերտ Յովհաննիսեանը եւ Հրանտ Մելքումեանը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով արծաթէ մետալը շնորհուած է Անդրիասեանին, պրոնզը՝ Յովհաննիսեանին:
Մրցաշարքին կը մասնակցէին 50 ճատրակ խաղացողներ։