
ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Շաբաթ, 18 Յունուարին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հաւաք-երթը:
Երթը կազմակերպուած էր Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴի, «Ժառանգութեան», Բարգաւաճ Հայաստանի եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի կողմէ:
Հաւաք երթին մասնակիցները պահանջեցին Սահմանադրական դատարանի 25 Յունուարի նիստին կասեցնել եւ հակասահմանադրական նկատել «Կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումներու մասին» օրէնքը:
Հաւաքին մասնակիցները կը վանկարկէին «Կասեցում», «Յաղ-թանակ», «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» եւ այլ կարգախօսներ: Անոնք պարզած էին «Ո՛չ գրպանահատութեան», «Ո՛չ պարտադիրին», «Դուրս եկէք մեր գրպանէն», «Ո՛չ իշխանական տզրուկներուն», «Ո՛չ հոգեւոր ամբարտաւանութեան» գրութիւններով պաստառներ:
Հաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան, Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամ Ռուբէն Յակոբեան, Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան եւ շարժումին երիտասարդ կազմակերպիչները:
Հաւաքը բազմամարդ էր: