ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի շրջանի տասը հոգեւորականներու, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Հինգշաբթի, Յունուար 2ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ապա ջրօրհնէք կատարուեցաւ «Արարատ Հայ Տարեցներու Տան» մէջ, Միշըն Հիլզ։ Պատարագը մատոյց Քրեսենթա հովիտի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեանը: Իսկ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ու բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդին հանդիսապետութեամբ եւ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ, ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարուեցաւ նաեւ հիւանդանոցի բաժինին մէջ, ուր դարձեալ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց սրբազանը:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 3:30ին, Իկըլ Ռաքի մէջ գտնուող «Արարատ Հայ Տարեցներու Տան» մէջ, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, Մամբրէ Ա. քհնյ. Քեսապեանի ու քահանայութեան թեկնածու Սեւան սրկ. Փալանճեանի մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ ջրօրհնէքի եւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Ս. Ծննդեան խորհուրդին մասին իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.