ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի շրջակայքը մաքրուեցաւ խաղատուներէն եւ խաղասրահներէն: «Շահումով խաղերի եւ խաղատների մասին» օրէնքին համաձայն՝ կառավարութեան որոշումով 1 Յունուար 2014էն խաղատուն կամ շահով խաղ կազմակերպող վայր կարելի է հաստատել յատուկ գօտիներու մէջ կամ Երեւանի մերձակայքը։ Ըստ օրէնքի պահանջներուն, նման վայրեր կարելի է հաստատել Ծաղկաձորի, Ջերմուկի, Սեւանի եւ Մեղրիի վարչական սահմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի եւ «Երեւան» ազատ տնտեսական գօտիի տարածքներուն մէջ: Խաղատուն կարելի է հաստատել նաեւ այլ բնակավայրերու մէջ՝ կառավարութեան կողմէ հաւանութեան արժանացած 40 միլիառ դրամէն աւելի ներդրումային ծրագիր գործադրելու պարագային:
Թէեւ խաղատուները մայրաքաղաքէն հեռացնելու այս որոշումը պէտք է գործադրուէր 1 Յունուար 2013ին, սակայն խաղատնային առեւտուրին մէջ եղողներու ճնշումներուն լոյսին տակ կառավարութիւնը 2012ի աւարտին Ազգային ժողովին ներկայացուց օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկ՝ մէկ տարիով յետաձգելու այս որոշման գործադրութիւնը։ Օրին ներկայացուած էր այն պատճառաբանութիւնը, թէ խաղատուները արդէն իսկ տնտեսական ճգնաժամին պատճառով տագնապ անցուցին, ուստի պէտք է հասկնալ անոնց վիճակը։ Բայց օրերը ցոյց տուին, որ խաղատուները յատուկ գօտիներ փոխադրուելու իմաստով ոչ մէկ նախապատրաստական աշխատանք կատարած են այդ մէկ տարուան ընթացքին, այլ պարզապէս անոնք յաւելեալ մուտք ապահոված են։ Մանաւանդ որ խաղատուները առանձին գօտիներ տեղափոխելու որոշումը արդէն 2010էն գոյութիւն ունէր, պարզապէս անիկա վերջնականապէս չէր վաւերացուած։
Ելեւմուտքի նախարարութեան տուեալներով՝ 2012 Նոյեմբերի աւարտի դրութեամբ Հայաստանի մէջ շահով խաղեր կազմակերպելու արտօնագիր ունի 69 ընկերութիւն, իսկ խաղատան՝ 10: Ըստ օրէնքին՝ նախապէս տրամադրուած բոլոր արտօնագիրներուն ժամկէտը աւարտած է 2014ի 1 Յունուարին, ինչ որ կը նշանակէ, որ յատուկ գօտիներու մէջ նման կառոյց ունենալու համար պէտք է նոր արտօնագիրներ առնուին նախարարութենէն։
Ելեւմուտքի նախարարութենէն «Սիվիլնեթ»ին յայտնած են, որ ներկայիս նախարարութիւնը տրամադրած է միայն երեք նոր արտօնագիր։
Բնականաբար, կազմակերպութիւնները տակաւին պիտի դիմեն նախարարութիւն՝ նոր արտօնագիրներու համար, սակայն ակնյայտ է, որ առանձնացուած գօտիներու մէջ խաղատուներուն եւ խաղասրահներուն թիւը շատ նուազ պիտի ըլլայ։
Նախարարութեան կողմէ արտօնագիր ստացած կազմակերպութիւններէն մէկը գործունէութիւն պիտի տանի իր կողմէ նախատեսուած վայրին մէջ: Կառավարութեան տարեվերջեան նիստին (Դեկտեմբերի 26) գործադիրը տուած է որոշում, որով համաձայն գտնուած է «Օնիրա Քլաբ» ընկերութեան մօտ 62 միլիառ դրամի ծրագիրին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.