ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ազգային միացեալ նախաձեռնութեան» ղեկավար, 16 օրէ հացադուլի մէջ գտնուող Շանթ Յարութիւնեան 9 Յունուարին փոխադրուած է «Դատապարտեալների հիւանդանոց»: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած են Քրէակատարողական հիմնարկի լրատուական ծառայութենէն:
Անոնց համաձայն, Շանթ Յարութիւնեանը փոխադրած են հիւանդանոց՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ պահելու եւ քննութիւններու ենթարկելու նպատակով, անոր վիճակը բնական է, որեւէ լուրջ բան չկայ: Անոնք նաեւ նշած են, որ հացադուլին Յարութիւնեանի միացած միւս երկու ընկերներուն վիճակն ալ լաւ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.