ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սահմանադրական դատարանը Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւններուն ներկայացուցած «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» Հայաստանի օրէնքի որոշ դրոյթներու սահմանադրականութեան վերաբերեալ դիմումը պիտի քննարկէ 2014 թուականի 28 Մարտին՝ ժամը 10։00ին: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են Սահմանադրական դատարանէն: Դիմումի ապահովման վերաբերեալ դիմող կողմի միջնորդութիւնը պիտի քննարկուի մինչեւ 2014 թուականի Յունուար 25: Գործով զեկուցողներ նշանակուած են Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Վոլոդեա Յովհաննիսեանն ու Կիմ Բալայեանը:
Գործով որպէս պատասխանող կողմ պիտի ներգրաւուի Հայաստանի Ազգային ժողովը: Սահմանադրական դատարանը անհրաժեշտ նկատած է դատաքննութեան հրաւիրել նաեւ կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչները՝ իրենց իրաւասութիւններու ծիրին մէջ անհրաժեշտ պարզաբանումներ տալու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.