ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նախ՝ բարեւ մը, հինցած ու մաշած 2013էն, որ իր նախորդներուն նման շուտով ու արագ մը սահեցաւ ու անցաւ դասուելու յիշատակի թանգարանին մէջ: Տարի մը եւս անցաւ մարդոց կեանքէն: Արդեօ՞ք ուրախանալու պատճառ մը ունէր այս մարդկութիւնը:
Թերեւս այո, կամ՝ ոչ: Պատասխանը չունիմ:
Հին տարին իր ամբողջութեամբ նետելով պատմութեան գիրկը, յանկարծ Կաղանդի խորհուրդէն մեկնած, մեր միտքերն ու հոգիները կը լեցնենք նորանոր յոյսերով, բաղձանքներով եւ երազներով:
Բարի սովորութիւն է, որ ամէն տարի այս օրերուն, իւրաքանչիւրս կը կատարէ իր հաշուեկշիռը: Շատեր կրնան խուսափիլ, իսկ ուրիշներ ճակատաբաց յանդգնութիւնը կ՛ունենան իրենց ներաշխարհը պեղելու՝ սեւն ու ճերմակը դուրս բերելու համար:
Անցեալ տարուան ընթացքին գրեթէ ամէն ամսուայ վերջը, մարդիկ ակամայ իրարու երես նայելով շատ հաւանաբար ըսին.-«Տես այս ամիսն ալ ինչ արագ անցաւ», կամ. «Մեղայ, արդէն տարին կէս ալ եղաւ» եւ կամ ալ՝ «ահա աչքդ գոցէ բաց՝ տարին ալ սահեցաւ»:
Թերեւս շատերու կեանքի տեսակաւոր ծանրութիւնը, անցեալ տարի ալ իրենց վրայ բեռցուեցաւ ու օրերուն տուին լեղի համ:
Անոր համար է, որ ամէնօրեայ հարցերուն եւ կամ դժբախտութիւններուն զարնուող իրականութեան կողքին, ամէն անգամուան նման, մարդիկ իրենց աչքերը կրկին կը յարեն դէպի այս նոր տարի կոչուած անծանօթին եւ կը փորձեն լաւ եւ դրական ձեւով մտածել, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, լաւը ծրագրել եւ կառուցել, որպէսզի իրենց կեանքի տանիքի ծանրութիւնը քիչ մը երկար դիմանայ ու չկքի:
Մէկդի նետելով մեր իրարու հետ ունեցած անձնական հարցերն ու անոնցմէ ծնունդ առած մտահոգութիւնները, անհասկացողութիւնները, նախանձն ու ատելութիւնը, գրեթէ բոլորիս համար յստակ է, թէ անցնող տարուան ընթացքին ճակատագրական պահեր, դէպքեր եւ պատահարներ կանգնեցան մեր դիմաց ու տակաւին կը յամենան մնալ: Ազգովին բոլորս ալ ցնցուեցանք, յաճախ յուզուեցանք, երբեմն քիչ մը ուրախացանք, եւ յաճախ ալ տխրեցանք: Բնական է: Անոր համար միշտ բարին մաղթեցինք, աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով մեր ժամերը օծեցինք:
Միւս կողմէ, նաեւ ականատես եղանք, որ աշխարհ ըսուած այս գեղեցիկ մոլորակը արդէն դարերէ ի վեր տակն ու վրայ վիճակ մը կ՛ապրի:
Այսպէս, գրեթէ ամէն ցամաքամասի վրայ մարդիկ իրենց խաղաղութիւնը զէնքով սկսան փնտ-ռելու: Փոքր ազգեր, դիմագրաւելու համար գալիք օրերու անստուգութիւնը, մահացու զէնքերով սկսան զինուելու:
Ու իբրեւ հայ կը կարծեմ որ ազգովին, ինչպէս միշտ, մենք ալ գտնուեցանք ճակատագրական օրերու սեմին: Թէեւ երբեմն մանրուքներով ուրախացանք, սակայն յաճախ ալ երկար տխրեցանք:
Այս մէկը շեշտաւորուած իրականութիւն մըն է: Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս ու ի՞նչ ձեւով անցեալ տարուան ընթացքին բոլորս ալ ապրեցանք հայ ըլլալու եւ հայ մնալու հաճելի եւ դժուար փորձառութիւնը:
Ու առանց զիրար խաբելու, կը կարծեմ, որ հայրենիք եւ Սփիւռք՝ երբեմն միասին տեսակ մը ազգային ողբերգութիւն մըն է, զոր ապրեցանք: Յաճախ ամէն տեղ, գաղութ կամ հայրենի տարածք տեսանելի էր շփոթ կացութիւնը, որ մեր կեանքի իրականութիւնը դարձուց սարսափելի:
Այլ խօսքով չնախատեսուած անորոշութիւնը անցեալ տարի ալ թակած էր մեր ազգին դուռը եւ մեր ժամանակը դարձուցած անըմբռնելի, մեզ հասցնելով այն եզրակացութեան, որ մենք անիծուած ժողովուրդ մըն ենք, որովհետեւ երբ մեր շուրջ ողբերգութիւն մը ծնի, կարծես երբեք ան մեզ չի լքեր:
Այս մէկուն հաւատացողներէն եմ: Բացառութիւնները յարգելի են:
Ինծի համար, գէթ անցեալ տարուան ընթացքին, անկախ անձնական հարցերէս ու մտմտուքներէս, երկու էական, մեծ, վախազդու եւ գլխաւոր ողբերգութիւններ եկան կլանել միտքս, հոգիս ու էութիւնս:
Նախ՝ հայրենիքէն արտագաղթի թափը եւ ապա սուրիահայութեան՝ ընդհանրապէս ու յատկապէս հալէպահայութեան ներկայ իրավիճակը:
Եթէ առաջինը ամօթալի ըլլալու կողքին սարսափելի էր, ապա երկրորդը՝ մահացու:
Եթէ երկրորդի լուծումը մեր ուժերէն վեր է ու կը կարծեմ այդպէս ալ է, որովհետեւ մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերէն, հաշիւներէն, շահերէն ու կամքէն կախեալ հարց մըն է, ապա առաջի՞նը… ախ, այս առաջինը, կախեալ է միայն մեզմէ ու մեր պետութենէն եւ մեր բոլոր ղեկավարներէն:
Միտքս պարզեմ:
Անցեալ ամբողջ տարուան ընթացքին, մեր երազած «դրախտավայր» հայրենիքէն ներս տեսանելի էին գործազրկութիւն, աղքատութիւն, ապօրինութիւններ եւ յանցագործութիւններ:
Հազարաւոր մարդիկ, նման պատճառներէ մղուած, դուրս եկան հայրենիքէն: Ցաւալի իրականութիւն: Արտագաղթեցին:
Այս խնդիրը սակայն նոր չէ: Սարսափելի է: Սակայն առաւել սարսափելի է այս հոսանքին առաջքը առնելու ճիգին պակասը: Թումբը, եթէ կ՛ուզէք:
Մարդիկ կը գաղթեն եւ գաղթեցին հարիւրներով, հազարներով, իրար նայելով, կարծես իրարմէ վարակուելով: Անպայման բան մը փլած էր անոնց հոգիներուն մէջ: Հաստատապէս

անոնց միտքերուն մէջ վատ բան պատահած էր, կ՛ըսեմ միշտ: Մարդիկ մոռցած էին հողը: Մոռցած էին այն երկիրը, որուն վրայ ոչ միայն իրենք, այլ դարերով իրենց պապերը ապրած էին: Հիմա անկէ հեռանալով պիտի մոռնային զայն պիտի երթային իյնալու մոռացութեան գիրկը եւ անձայն ու կամաւոր ձուլուելու: Ահա սարսափելին:
Հայրենիքէն արտագաղթելով, բոլորն ալ կամովին կը հեռանային հայութեան աղմուկէն:
Սակայն ո՞ւր կ՛երթան: Հայրենի հողը ձգելով ո՞ւր կ՛երթան:
Մակերեսային քննարկումներու ժամանակը շատոնց անցած է: Պէտք է խորքը փնտռել եւ գտնել ընդհանուր լուծում մը: Չէ՞ որ մենք հոգիով լեցուն ժողովուրդ ենք, յաճախ կը հաւաքուինք նոյն յարկին տակ որպէսզի նոյն կերակուրը ուտենք, նոյն երաժշտութիւնը լսենք եւ իրարմով ջերմանանք:
Ո՞ւր հասանք:
Արդեօք բոլորս ալ կրցա՞ծ ենք տեսնել մեր հայրենիքի այս դժբախտութիւնը կամ չափել զայն: Ի՞նչ կը մտածեն մեր ղեկավարները: Ի՞նչ կը մտածենք մենք:
Ու անձկութեամբ կը սպասեմ նոր մարդոց, որոնք պիտի լսեն հողին կանչը, այն հողին, որ իրենց համար կարծես կարծրացած է, չորցած է: Անկասկած՝ անոր կեանք տուող է պէտք:
Արտագաղթը ինծի համար անվերջանալի տրամա մըն է, որովհետեւ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ տարբեր ձեւեր առած է իր պատմութիւնը: Զարմանալի եւ նոյնքան իրական: Ու ժանամակն է, որ լրջօրէն որոնենք ազատ ու անկախ երկիրի հայրենի հողին խորհուրդը: Մտահոգ եմ եւ մտահոգ ենք բոլորս ալ:
Նոյն այս արտագաղթողներուն պէտք է բացատրել, թէ մեր պատմութիւնը անցեալ չէ դարձած: Անով կ՛ապրինք ու կը շնչենք: Չէ՞, որ մենք զմեզ շինարար ժողովուրդներու դասին շարած էինք:
Ի՞նչ եղանք յանկարծ: Մե՛նք, որ ամէն ատեն եւ ամէն տեղ կը քանդենք, կը կառուցենք եւ կը հպարտանանք, թէ մեծ քաղաքակրթութեան արժանի ազգ ենք. ո՞ւր հասանք:
Հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք:
Հայրենիքի եւ հայ հողի վրայ միայն սեւը տեսնելը լաւ նշան չէ: Ամէն տեղ սեւ կայ: Քա՛ջ գիտնալու ենք, որ մեր միակ լաստը հայրենի հողն է, որ հիմա ազատ եւ անկախ է:
Ո՞ւր մնաց մեր ազգային գիտակցութեան հասունութիւնը: Ո՞ւր մնացին օրուան իշխանութիւններու այս ազգային աղէտին դիմաց ծրագրած պատուարները:
Տեսէ՛ք, ամէն տեղ ինչեր կը պատահին: Այս է կեանքը, սակայն այս չի նշանակեր, որ ամէն բան բախտին պէտք է ձգենք: Էականը մեր միտքերը վերանորոգելն է, որպէսզի վաղը չափսոսանք, որովհետեւ պէտք է լաւ գիտնանք, թէ մեր նման արարքներով, մեր նոր պատմութիւնն է, որ կը գրենք:
Ամանորեան մաղթանքս է, որ մենք բոլորս ալ մեր հայրենիքի նկատմամբ լաւատես ըլլանք ու այդպէս ալ մնանք եւ մանաւանդ անոր ապագային հաւատանք ու միասին կերտենք, որպէսզի մեր այդ երկիրը մեր բոլորին ջանքերով դառնայ արտաքին տեսքով եւ ներքին բովանդակութեամբ պայծառ երկիր մը, իր օրէնքներով եւ մանաւանդ իր արդարամիտ իշխանութեամբ ու ղեկավարներով:
Կիսամիջոցներու ժամանակը շատոնց անցած է: Կարգը եկած է արմատական կարգադրութիւններու։
Իրականութեան փնտռտուքը մեզ պէտք չէ խրտչեցնէ:
Կը կարծեմ, որ էականը՝ հաւաքական սրտապնդիչ երեւոյթներու ստեղծումն է. հայ մարդուն կեանքի արժեւորումը: Ամէն հայրենիք եւ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի հաւաքական կենսունակութեան համար:
Մեզի համար իբրեւ հայեր մեր ապահովութիւնը մեր հողին վրայ է միայն: Մեզի համար ազատ հայրենիքը յոյս է, լինելութեան նշան, կեանքի կանչ եւ հզօրութիւն:
Այս 2014 նոր տարին՝ ուրիշ տարի պէտք է ըլլայ: Դարձեալ նոր յոյսեր կան շարուած մարդկային կեանքի հորիզոններուն վրայ: Թող բոլորիս սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ նոյն այս մաղթանքն ու երազը պարեն:
Կը կրկնենք, նոր տարին առիթ է ուրախութեան, առիթ է երազելու եւ առիթ է յոյսով ու բարեմաղթութիւններով ապրելու:
Լիայոյս ենք, որ 2014ին, այս կործանիչ գաղթը իր ընթացքը պիտի կասեցնէ ու «դէպի երկիր» եւ «արի տուն» հրաւէրները իրենց դրական ու գործնական պտուղներն ու արդիւնքները պիտի տան:
Անոր համար՝ Նոր տարուան առթիւ, ի սրտէ տաքուկ բարեւ մը եւ դրական իրագործումներով լեցուն բարի մաղթանք մը բոլորիդ՝ Սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք ու Արցախ:
————————————————————————————
Թող 2014 Թուականը
Բերէ Խաղաղութիւն,
Առողջութիւն
եւ Ուրախ Կեանք
ԴԵՂԱԳՈՐԾՈՒՀԻ
ՍԵԴԱ ԳՈՒԼԱԿ
ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
S & J
DISCOUNT PHARMACY
8415 Reseda Blvd. #6
Northridge, California
—————————————————————————-
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի Առիթով Լաւագոյնը
Կը Մաղթենք Հայ Ժողովուրդին
Season’s Greetings
And Best Wishes
Tchakerian
Families
of Yozgat
===========================================================
Տէր եւ Տիկ. Կարպիս եւ Ծովակ Գարամարտեաններ
եւ Ընտանիք
Թող Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
երջանկութիւն ու արդար խաղաղութիւն
պարգեւեն մեր ժողովուրդին
Zovs Bistro
17440 E. 17th Street
Tustin, CA 92780
714.838.8855
==============================================================
FALAFEL ARAX
Wishing
All Our Customers
In the Armenian
Community
A Merry Christmas
And A Happy New Year
5101 Santa Monica Blvd., Suite 2
Los Angeles, CA 90029
(323) 663-9687
==============================================================================
Թեքսաս
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» կոմիտէ
ՀՕՄի
«Շողեր» մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Դրօ» մասնաճիւղ
Հայաստանին՝
Բարգաւաճում,
Արցախին՝ Կայունութիւն,
իսկ Սփիւռքին՝
Տուն Դառնալու Անյողդողդ Վճռակամութիւն