ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ ու հոն գործող Հայագիտական ծրագիրին համահովանաւորութեամբ, յառաջիկայ Մարտ 7ին, համալսարանի համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ դաշնակահարներ Սերգէյ Պապայեանի ու Տանիլի Թրիֆոնովի ելոյթը՝ ներկայացնելով Փրոքոֆեւէն, Ռախմանինովէն ու այլ արուեստագէտներէ զանազան գործեր:
Տոմսերու սակը 18 տոլար է, իսկ տարեցներու համար՝ 12 տոլար: Ուսանողներու յատուկ մասնակցութեան սակը 5 տոլար է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.keyboardconcerts.com/tickets.aspx կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.