
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, աշխատանք մը սկսած է՝ հաւաքելու համար Սան Ուաքին հովիտին մէջ տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու առնչուող նիւթեր, իւրայատուկ հաւաքածոյ մը գոյացնելու նպատակով:
Հայագիտական ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը յայտնէ, թէ հաւաքածոյին մէջ պիտի ըլլան ոգեկոչման ձենարկները ծանուցող թռուցիկներ, որմազդներ, թերթերու մէջ լոյս տեսած յօդուածներ, ինչպէս նաեւ ձեռնարկներէ լուսանկարներ, անոնց գրքոյքները եւ տպագրուած այլ նիւթեր, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական պատկերացում մը տալ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակից դառնալ այս աշխատանքին՝ նիւթեր տրամադրելով, կրնան դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ barlowd@csufresno.edu հասցէին: