ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովը քուէարկութեամբ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան 2014ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն թեր քուէարկեց 70 պատգամաւոր, դէմ՝ 40, ձեռնպահ՝ 1: Վարման կարգին գծով խօսք առաւ Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանը՝ նշելով, որ իր 3 առաջարկները ընդունուած են կառավարութեան կողմէ, ուստի ինք թեր պիտի քուէարկէ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը, որ անգամ մը եւս հաստատեց, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագծին: 2014 թուականի պետական պիւտճէին նախագիծին մէջ ի սկզբանէ սահմանուած է ծախսային մասը՝ 1 եռիլիոն 272 միլիառ 237 միլիոն դրամ, եկամտային մասը՝ 1 եռիլիոն 127 միլիառ 400 միլիոն դրամ: Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներուն ընթացքին եղած են 326 առաջարկներ, որոնցմէ կառավարութիւնը ընդունելի նկատած է 31ը՝ կատարելով որոշ փոփոխութիւններ։ Իբրեւ արդիւնք նախագիծի նախնական տարբերակով նախատեսուած ընդհանուր եկամուտներու գումարը աւելցած է 1 միլիառ 440 միլիոն դրամով: Նախագիծի նախնական տարբերակով նախատեսուած ծախսերուն ընդհանուր գումարը եւս աւելացած է 1.48 միլիոն դրամով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.