
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ «Սթեֆընիզ» արուեստի ցուցադրասրահին, Արթուր Փինաճեանի ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրուին Յունուար 15-19, 2014ին կայանալիք «Էլ.Էյ. Արթ.» ցուցահանդէսին ընթացքին, թիւ 109 եւ 111 կրպակներուն մէջ:
Այս հռչակաւոր ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի «Քոնվենշըն Սենթըր»ի հարաւային սրահին մէջ (1201 South Figueroa Street, Los Angeles, CA 90015): Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.Laartshow.com կամ www.stephaniesartgallery.com կայքերը: