
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար (1998-2008) Վարդան Օսկանեանի յուշագրութիւններու գիրքը, որուն վերնագիրն է՝ «Անկախութեան Ճանապարհով. Փոքր Երկրի Մեծ Մարտահրաւէրները»:
«Նախարարի պաշտօնում ես պահել եմ օրագիր, որտեղից եւ այս հատորի համար ընտրել եմ այն դէպքերն ու իրադարձութիւնները, որոնք համարել եմ կարեւոր, շրջադարձային՝ թէկուզ անձնական բնոյթի հետաքրքրական մանրամասներով: Բնականաբար ընտրել եմ այն իրադարձութիւնները, որոնց մասին կարող եմ ազատ արտայայտուել՝ առանց պետական գաղտնիքներ բացելու», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Վարդան Օսկանեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ գործած տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն բացի, հեղինակը գիրքին մէջ դրուագներ ներկայացուցած է իր կեանքէն ու կտրած ուղիէն։
Գիրքի ութ գլուխներուն մէջ Վարդան Օսկանեան պատմած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին, դրացիներուն՝ Իրանի եւ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ առնուած քայլերուն մասին: Ներկայացուցած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու պատմութիւնը եւ իր անձնական մասնակցութիւնը այդ բոլորին, անդրադարձած է Հայաստանի բազմակողմանի դիւանագիտութեան: Գլուխ մը նուիրուած է Մերձաւոր Արեւելքին, հոն հեղինակը խօսած է արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն մասին:
Օսկանեան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է ղարաբաղեան խնդիրին, կարգաւորման գործընթացին իր անձնական մասնակցութեան: Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող գլուխը վերնագրուած է՝ «Լիսաբոնից Մադրիդ. Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնորոշման Անհարթ Ճանապարհը»:
Գիրքին մէջ Վարդան Օսկանեան ներկայացուցած է նաեւ տարբեր տարիներու իր գործունէութեան լուսանկարները:
Գիրքը բաղկացած է 284 էջէ։